Երկուշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2019-ին, Դամասկոսի «Ասատ» մշակութային տան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեանի թարգմանած՝ Պօղոս Սնապեանի «Աղքատներուն Աւանդութիւնը» գիրքի արաբերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:
Արիսեան ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ գիրքը կը բաղկանայ 135 էջերէ, որոնք լուսարձակի տակ կþառնեն հայոց տառապանքը: Պատմուածքներուն նպատակը կեանքի գոյատեւումն է՝ աղքատ դասակարգին դիմագրաւած տառապանքները ներկայացնելով:
Արիսեան Արաբ գրողներու միութեան անդամ է: Ան ներդրում ունեցած է արաբական հանրագիտարանին մէջ՝ թարգմանելով հայ գրականութեան յայտնի դէմքերու շարք մը պատմուածքներ: