Կազմակերպութեամբ Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի Հոգաբարձութեան, «Սահակեան» սրահին մէջ (Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից), 15 Սեպտեմբեր 2019-ի ժամը 12։30-ին, տեղի ունեցաւ Քեսապի Գարատուրան գիւղի զաւակ, Լոս Անճելըսաբնակ Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններու հեղինակութեամբ «Հարիւրամեակ Քեսապի Ուսումնասիաց Ընկերութեան եւ Նոյնանուն Երկրորդական Վարժարանի»ն հրատարակութեան առաջին հատորին շնորհանդէսը։ Հատորը ներկայացուց տողերուս հեղինակը (Կարօ Վ. Մանճիկեան), ներկայութեամբ Քեսապի հոգեւոր հայրերուն, Քեսապի միութիւններու եւ այլ վարչութեանց ներկայացուցիչներուն, վարժարաններու ուսուցչական կազմերուն եւ քեսապահայերու հոծ բազմութեան։
Հատորը լոյս տեսած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն՝ Անթիլիաս, 2018-ի վերջերը։
Գիրքը ինը տարիներու ուշացումով լոյս կը տեսնէ։ Ուշացման պատճառներէն մէկն է 2014-ի Քեսապի եւ քեսապահայութեան տեղահանութիւնը։
Լաթակազմ, երկու հարիւր էջանի հատորը, շուրջ երկուքուկէս տասնամեակներու պրպտումներու, խմբագրումի եւ այլ աշխատանքներու որպէս արդիւնք, պատմութիւնն է Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան եւ համանուն վարժարանին, անոնց հիմնադրութեան, հիմնադիրներուն եւ ղեկավարներուն, հոգաբարձական-վարչական կազմերուն, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, մինչեւ շրջանաւարտներուն, որոնք տասնեակ տարիներ ծառայեցին Սուրիոյ զանազան վարժարաններուն եւ մանաւանդ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանագիծին վրայ գտնուող հայահոծ գիւղերուն, ինչպէս Թէլ Ապիատի, Արաբբունարի, Տէրիքի, Տըրպէսիէի եւ նոյնիսկ Գամիշլիի հայկական վարժարաններուն մէջ։
Այստեղ անհրաժեշտ է ընդգծել, որ այս երկրորդական վարժարանը մին էր Սուրիոյ հայկական առաջին երկրորդական ուսումնարաններէն, որուն շրջանաւարտներէն խումբ մը հասան Եւրոպա, այնտեղի համալսարաններուն մէջ մասնագիտանալով եկան ծառայելու Քեսապի թէ այլ բնակավայրերու հայկական վարժարաններուն մէջ։
Հեղինակներէն Յակոբ Կ. Մանճիկեանը՝ հօրեղբայրս, մէկը վարժարանին շրջանաւարտներէն, Հայաստանը, Հայ ժողովուրդը, Արարատը եւ այլն, որպէս իր «պաշտամունքի կուռք» կը ներկայացնէ։ Ասոնցմէ զատ իր սրտին մէջ պաշտամունքի առարկայ ունէր Քեսապը, իր Կասիոս բռնագրաւուած լեռով։ Այս բոլորէն պարտադրաբար հեռացած էր 1950-ին։
Հեղինակներուն գրիչին արգասիքն են այլ վեց հատորներ, հայերէնէ անգլերէն թարգմանութիւններ, նուիրուած Հայոց Մեծ Եղեռնի գրադարանին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի 100-ամեակին նուիրուած, երկհատոր մեծածաւալ՝ Յուշամատեան-Յեղափոխական պատկառելի հատորները։
Յակոբ Մանճիկեան Ամերիկայի արեւմտեան շրջանին ու անոր ազգային-կուսակցական կեանքին հանրածանօթ դէմքերէն է։
Որպէս ՀՅԴ-ի շրջանի ԿԿ-ի անդամ, եղած է գործակիցը Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ նման քաղցրանուն գործիչներու։
Ան անդադար եղած է շրջանին միութիւններուն հիմնադիր-կազմակերպիչ մարմիններուն մէջ՝ ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Հայ Ազգային Ռատոյի, Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Յանձնախումբին (այժմ Հայ Դատի Յանձնախումբ ANCA-ի եւ այլն։ Հեղինակներէն է Մոնթէ Պելլոյի Մեծ Եղեռնի յուշակոթողին, նշանաւոր է նաեւ որպէս հրապարակախօս եւ մնայուն գործակից «Ասպարէզ» օրաթերթին։
Կեանք մը ամբողջական նուիրումի՝ իր ազգին, հայրենիքին, ծննդավայրին թէ գաղթավայրին։ Այդ նուիրական բազմակողմ երթին համար պարգեւատրուած է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ «Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով, ինչպէս նաեւ մեծարուած է ԱՄՆ-ի քոնկրէսմաններու կողմէ, 2005-ին եւ 2014-ին։
Ան գլխաւորած է Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանի (այժմ Ճեմարան), նոր շէնքի կառուցման համար Ամերիկայի հանգանակիչ մարմինը։
Հատորին խմբագրումին եւ այլ աշխատանքներուն իր բաժնեկիցը հանդիսացած է իր կողակիցը՝ Քնար Աւետեան-Մանճիկեանը, իրենց գործակիցը եղած է իր աւագ դուստրը՝ Թամարը, իսկ հեռակայ Քեսապի մէջ իր գործակիցները հանդիսացած են տողերուս հեղինակը, բայց մանաւանդ անոր կողակիցը՝ Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեանը, որ տարած է բանահաւաքումի դժուարին աշխատանքը։
Հատորը լոյս տեսաւ մեկենասութեամբ ԱՄ Էմիրութենէն Տէր եւ Տիկ. Սեպուհ եւ Սիլվա Մանճիկեաններու, որոնք ներկայ էին շնորհանդէսին։ Աւելցնենք որ Սեպուհ Մանճիկեան ալ իր կարգին հանդիսացած էր ԱՄ Էմիրութիւններու մէջ Ճեմարանի նոր շէնքին համար կատարուած հանգանակութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկը։
Հեղինակները գործակիցներուն եւ մեկենասներուն ուղղուած իրենց շնորհակալական գիրը արձանագրած են հատորին սկիզբը։
Հատորին սկիզբը տեղադրուած են Քեսապի Գարատուրան գիւղի միջերկրականեան ժողովախորշի երկու նկարներ, Քեսապի վարչական շրջանի քարտէզը, իսկ աւարտին՝ Քեսապի Կասիոս լերան հպարտ ու փառատես նկարը։
Առաջին էջերուն վրայ տեղադրուած է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հեղինակին շնորհուած Ս. Մաշտոցի շքանշանին կոնդակը եւ օրհնագիրը։
Այնուհետեւ կը կարդանք Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Ճեմարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան Երախտագիտութեան գիրը, որոնց կը յաջորդեն հեղինակին կենսագրական էջերը, գործակիցներուն ուղղուած շնորհակալական խօսքը եւ ապա գիրքին յառաջաբանը։
Գիրքը կը բաղկանայ 34 գլխաւոր գլուխներէ, որոնցմէ 28-ը մանրամասն պատմումն է վարժարանին 30-ամեայ երթին, իր փուլերով։
Այնտեղ մեծ տեղ յատկացուած է ընկերութիւն եւ վարժարան հիմնելու տուն տուող պատճառներուն, հիմնադիրներուն, յատկապէս Ովսիա Սաղտըճեան՝ «Տայի»ին, ղեկավար դէմքերուն, ուսուցիչներուն, նոր շէնքի կառուցման մանրամասնութիւններուն, «Ուսումնասիրաց»ի աշխարհացրիւ մասնաճիւղերուն, շրջանաւարտներուն…։
Վերոյիշեալ դերակատարներուն կենսագրական տողերուն կողքին տեղադրուած են անոնց նկարները եւ կարգ մը շրջանաւարտներու վկայականները։
Հատորը հարստացուած է պատմական շէնքին եւ անոր կապուած զանազան առիթներու հանդիսութեանց, ուսուցչական թէ ղեկավար կազմերու բազմաթիւ հնամաշ նկարներով-խմբանկարներով։
Յատկանշական լուսապատճէններ կան.
-ՆՍՕՏՏ Սահակ Կաթողիկոսի օրհնագիր-նամակը 1928-ին, ուղղուած Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան (Այստեղ մէջբերենք, թէ բնօրինակը մեծ ուրախութեամբ տրուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառին, տրամադրելի Կաթողիկոսարանի արխիւատան).
-Վարժարանին ներքին կանոնագիրը։
-Հայ Աւետարանական վարժարաններու հոգաբարձու կազմերուն հետ ստորագրուած տեղեկագիրներ՝ դասանիւթերու միատեղ պատշաճեցման եւ համադրման համար.
-Պետական արտօնագրի եւ վաւերացման գիրի հրամանագիրները, ֆրանսական հոգատարութեան համապատասխան գրասենեակներէն։
-Ընկերութեան Կեդրոնական եւ մասնաճիւղերուն միջեւ փոխանակուած թղթակցութիւններէն նմուշներ։
-Վարժարանի աշակերտութեան արձանագրութեան տոմար-ցանկեր։
Գիրքին նիւթերուն գլխաւոր աղբիւրները հանդիսացած են հետեւեալները.
– Տոքթ. Ալպերթ Աբէլեանի աւարտաճառը.
– Տոքթ. Յակոբ Չոլաքեանի Քեսապին նուիրուած հատորներուն մէջ տեղ գտած առնչուած նիւթեր.
– Լիբանանի քեսապցիներու Ուսումնասիրաց Միութեան «Քեսապ» ալպոմին (1955-ին) մէջ տեղ գտած արձանագրութիւններ, անստորագիր, սակայն հաւանաբար Գերշ. Դերենիկ Արք. Փոլատեանի գրչին արգասիքը ըլլան անոնք։
– Ե. Քասունիի Քեսապին վերաբերող արձանագրութիւնները.
– Տոքթ. Աւետիս Ինճէճիկեանի (մէկը գլխաւոր հիմնադիրներէն), հօրս յանձնած արխիւներու ծրարը, ինչպէս նաեւ անոր վարժարանին նուիրուած յօդուածը՝ լոյս տեսած «Արեւելք» օրաթերթին մէջ.
– Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեանի պահպանած արխիւներու եւ նկարներու հաւաքածուն.
– Բերանացի, հաւաստի պատմումներ ու վկայութիւններ, հեղինակին կողմէ հաւաքագրուած։
Հատորին վերջին գլխուն խորագիրն է «Սեւ Մութ Ամպեր Կասիոս Լերան Գագաթին», որ թէեւ վարժարանին սահմանափակման պատմութիւնն է, սակայն մասնակի պատմութիւնն է Մուսա Լերան շրջանին, իմա՝ Ալեքսանտրէթի Սանճագի անջատումը Սուրիայէն, եւ մուսատաղցիներուն մէկ ստուար մասին, անոնց ցամաքի ճամբով, Քեսապէն անցնելով, այնտեղ կանգ առնելով, դէպի Լիբանան՝ Այնճար ուղեւորման մասին, հոն տեղ գտած է նաեւ Բ. Աշխարհամարտին անդրադարձը շրջանի վարժարանին վրայ։
Աւարտին մօտենալով եւ եզրակացնելով պէտք է արձանագրել, որ 1910-ին ճամբայ ելած Ուսումնասիրաց ընկերութեան կայացման գործին ետեւ պէտք է փնտռել Սիմոն Զաւարեանի կախարդական շունչը, որ իր Կիլիկեան շրջապտոյտին ընթացքին (որպէս Կրթասիրաց Ընկերութեան լիազօր), դէպի Լիբանան իր ճամբուն վրայ Քեսապ հանդիպելով կրցած էր գտնել այն պարարտ հողը, հիմնադիրներու խումբը, հոն ցանելու սերմը, որուն աճով քեսապահայութիւնը ստացաւ «Ուսումնասիրաց»ի ծիլերն ու հասկերը։
Օրուան ՀՅ Դաշնակցութեան Քեսապի Կոմիտէի նախաձեռնած առաջին գործը եղաւ հիմնել անկողմնակալ ընկերութիւնը։Կոմիտէն գնելով Քեսապի ժողովրդային Տան (այժմու «Գրադարան»ի) շէնքը, զայն ծառայութեան դրաւ որպէս վարժարանի անդրանիկ շէնք։ 1924-1928, երբ գնելով «Ուշբաղէն» կոչուած բլրակն ու դաշտը կարելի եղաւ հոն կառուցել ամեհի եւ հպարտ շէնքը, անոնց երկրորդ գործը եղաւ գնել «Գէյփինկէօր» կոչուած վայրի կալուածը, որ որպէս ագարակ պիտի հանդիսանար վարժարանին եկամտաբեր գլխաւոր աղբիւրը։
Վարժարանին ամեհի շէնքը հանդիսացաւ վերոյիշեալ ծրագիրներուն յաջորդող գործերէն մին։
Անոնց 1910-ին ճամբայ ելած երթին թափը առժամապէս կասեցաւ 1915-ի Եղեռնին, երբ 7500 բնակիչ ունեցող Քեսապը կորսնցուց մօտ իր 5000 զաւակները, սակայն այս երթը վերագտաւ իր սուրացող թափը, 1924-ին։
Նոյն այս վարժարանին շրջանաւարտներէն հանդիսացան բազմաթիւ ազգայիններ եւ կրօնաւորներ, որոնց գլխաւորը հանդիսացաւ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Վերոյիշեալ նուիրեալներու փաղանգին, անձուրացներու բանակին, մէկ խօսքով սերունդի մը պատմութիւնն է այս հատորը։ Գիրքը Քեսապի պատմութեան մէկ փայլուն շողն է, ցոլքը։ Այդ փայլուն ցոլքը այդ սերունդին անմահութեան փայլքն է։
Այս հատորը մեր մեծ հայրերուն, մայրերուն լուսաւոր ջահին փոխանցումն է մեր սերունդին միջոցաւ, յաջորդ սերունդներուն։
Զաւարեանի եւ անոր գաղափարակիցներու ջահն ու շունչն է գալիքներուն։
Կարօ Վ. Մանճիկեան