Սուրիոյ Սահմանադրական Յանձնախումբի կազմութիւնը, ՄԱԿ-ի Սուրիոյ մնայուն բանագնացին հետ համադրաբար, սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման բանալիներէն մէկը պիտի հանդիսանայ անտարակոյս:
Յանձնախումբին մաս կը կազմեն 150 սուրիացիներ, որոնց 50-ը առաջադրած է Սուրիոյ կառավարութիւնը, 50-ը ընդդիմութիւնը, իսկ մնացեալ 50-ը կը ներկայացնէ Սուրիոյ քաղաքացիական հասարակութիւնը:
Այս յանձնախումբը ընդլայնուած կազմն է, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, հաւանաբար միայն մէկ անգամ՝ միայն 30 Հոկտեմբերին պիտի հանդիպի Ժընեւի մէջ եւ սկսի իր աշխատանքը: Հետագային այս յանձնախումբի կազմէն պիտի յառաջանայ փոքրացուած յանձնախումբ մը, որ Դամասկոսի մէջ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը: Վերջինս պիտի կազմուի 45 անդամներէ՝ 15-ը պիտի առաջադրէ Սուրիոյ կառավարութիւնը, 15-ը ընդդիմութիւնը, իսկ 15-ը պիտի ներկայացնէ քաղացիական հասարակութիւնը:
Սահմանադրական փոփոխութիւններու յատուկ փոքրացուած յանձնախումբին աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ զանազան կողմերու հետ երկխօսութեան վրայ:
Քննարկումներու աւարտին, առաջադրուած փոփոխութիւնները պիտի քուէարկուին եւ հաստատուին ընդլայնուած յանձնախումբին կողմէ:
Սուրիոյ կառավարութեան համար այս յանձնախումբի աշխատանքին նախապայմանը անկախ ըլլալու իր հանգամանքն է: Արտաքին բոլոր միջամտութիւնները մերժելի պիտի ըլլան, որովհետեւ անոնք ոչ միայն պիտի դժուարացնեն սահմանադրութեան վերանայման ընթացքը, այլեւ պիտի ծառայեն արտաքին ուժերու քաղաքական հեռանկարներուն: Սա բնականաբար պիտի դժուարացնէ սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումը, որ պայմանաւորուած պիտի ըլլայ սահմանադրութեան վերանայման յաջողութեամբ նաեւ:
Սահմանադրութեան փոփոխութեան ընթացքին ՄԱԿ-ի դերը պիտի ըլլայ սոսկ աշխատանքին հսկելն ու անոր թափ տալը, առանց միջամտելու յանձնախումբի անդամներու քննարկումներուն խորքին ու առաջադրանքներուն:
Յանձնախումբը պիտի վերամշակէ 2012-ին մշակուած ու հաստատուած Սուրիոյ սահմանադրութիւնը: Սուրիական կողմը չի բացառեր նոյնիսկ նոր սահմանադրութեան մշակումը, ի հերքումն արեւմտեան կարգ մը երկիրներու պնդումներուն, որոնք կը փորձեն նսեմացնել քաղաքական գետնի վրայ արձանագրուած այս յառաջընթացը: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին իսկ վկայութեամբ, նախկին սահմանադրութեան մէջ որեւէ յօդուածի փոփոխութիւն ինքնին կը նշանակէ արդէն նոր սահմանադրութեան մշակում, ուստի անհիմն են կարգ մը պետութիւններու պնդումները, թէ Սուրիա պիտի չարտօնէ նոր սահմանադրութեան մշակումը:
Յանձնախումբին մէջ նկատի առնուած են սուրիական ընկերութեան զանազան բաղադրիչներէ, զանազան մասնագիտութիւններու տէր անձեր: Անոր մէջ ներկայացուած է նաեւ իգական սեռը:
Յանձնախումբի աշխատանքը մեծ ներդրում պիտի բերէ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման, եթէ գործընթացին մէջ պահպանուին Սուրիոյ գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքները: Այլ ուղղութիւններով տարակարծութիւնները հարթելու պատրաստակամութիւն յայտնած են բոլոր կողմերը:
Սահմանադրական յանձնախումբի յառաջացման առաջարկը տրուած էր Սոչիի միջսուրիական բանակցութիւններու աւարտին: Ու թէեւ այս յանձնախումբը 18 ամիս ուշացումով գործի կը սկսի, այնուհետեւ կ’ազդարարէ Դամասկոսի դիւանագիտական պայքարին մեկնարկը՝ սուրիական կողմին իսկ առաջադրած սկզբունքներով: Պայքար մը, որ նոյնքան դժուար պիտի ըլլայ, որքան զինուորականը:
«Գ.»