14 Սեպտեմբերին, սէուտական քարիւղի զտարաններ ռմբակոծման ենթարկուեցան անօդաչու սաւառնակներու միջոցով։ Եմէնի հութիները յայտարարեցին, թէ իրենք կը կանգնին այս գործողութեան ետին, իբրեւ հակադարձութիւն՝ սէուտական եւ դաշնակից ուժերու կողմէ եմէնեան քաղաքներու ռմբակոծման։
Սէուտական Արաբիա, Միացեալ Նահանգներ եւ դաշնակիցներ մերժեցին ընդունիլ այս խոստովանութիւնը եւ պնդեցին, թէ Իրանն է յարձակման պատասխանատուն։ Ուաշինկթըն որոշեց յաւելեալ ուժ ղրկել Ծոցի շրջանը։ Սպառնալիքներ ու զգուշացման կոչեր տարածուեցան աշխարհով մէկ, ընդգծելու համար, որ Իրանի վրայ զինեալ որեւէ արարք կրնայ ո՛չ միայն Ծոցի շրջանը, այլ եւ շատ աւելի տարածուն գօտի մը վերածել աւերիչ պատերազմի դաշտի, մինչեւ իսկ կրնայ պատճառ դառնալ համաշխարհային պատերազմի մը։
Քարիւղի սակերը ոստում կատարեցին, զէնքի արտադրիչներն ու վաճառականները… սկսան իրենց ձեռքերը շփել, իսկ պաշտօնանկ հռչակուած Պոլթըն վստահաբար լայն ժպիտով մը կը հետեւի այս իրադարձութիւններուն։ Կշռադատումները կը շարունակուին, նմանապէս՝ վարագոյրի ետին ու յառաջամասին բանեցուող ճնշումները։
Այս բոլորը՝ քանի մը զտարանի վնասուելուն պատճառով (ոչ-ցնծալի բան)։
* * *
Սէուտական եւ զինակից ուժերը, Միացեալ Նահանգներու եւ անոր գործակիցներուն բացայայտ զօրակցութեամբ ու քաջալերանքով, անոնց տրամադրած զէնքերով, տարիներէ ի վեր ամէն օր յարձակում կը գործեն եմէնեան քաղաքներու վրայ, աւերակի վերածած են ընդարձակ բնակավայրեր, սովի ու գաղթի մատնած՝ միլիոնաւոր բնակիչներ (Իրաքը, Սուրիան, Լիպիան երբեմն կը վերագրաւեն լուսարձակներ, իսկ «մոռցուած» Լիբանանը կը մնայ տնտեսական յարաճուն ճնշումի տակ. շարքը երկար է…)։ Լրատու աղբիւները երբեմն կը յիշեցնեն, որ հաւաքական սպանդ տեղի կ’ունենայ Եմէնի մէջ։ Հութիներու հակակշիռին ենթակայ եմէնեան գօտիներու վրայ յարձակումները երբեմն կը կատարուին անօդաչու սաւառնակներով։
Սէուտական քարիւղի կեդրոնին վրայ յարձակումէն քանի մը օր ետք, 19 Սեպտեմբերին, ամերիկեան անօդաչու սաւառնակներ յարձակում գործեցին աֆղանական թիրախի մը վրայ, «իսլամական պետութեան» զինեալներու մէկ կեդրոնը ոչնչացնելու յաւակնութեամբ. սպանուեցան շուրջ 30 քաղաքայիններ, ներառեալ մանուկներ։ Այս տեսակի յարձակումներ աննախընթաց չեն, երբեմն օդաչուով վարուող օդանաւեր ալ կը մասնակցին ռմբակոծումներուն, իբրեւ հակադարձութիւն՝ թալեպաններու եւ այլոց ռմբահարումներուն. եւ ի՜նչ զարմանք, զոհերուն մեծ մասը քաղաքայիններ կÿըլլան…
* * *
Եզրակացութիւն. ուրեմն կան յանցաւոր եւ անմեղ անօդաչու սաւառնակներ։ Յանցաւորները անոնք են, որ համաշխարհային պատերազմի պատճառ կրնան դառնալ, հոգ չէ թէ մարդիկ չեն սպանուած, սակայն որոշ գանձանակներու վնաս եւ սպառնալիք հասած են, իսկ անմեղները անոնք են, որոնք բազմահազար անմեղ զոհեր կը խլեն, սակայն վնաս կամ սպառնալիք չեն հասցներ ամբողջ աշխարհը իրենց կթան կովը համարողներուն։
Սարգիս Մահսերէճեան