«Երկիր».-Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին մասնակիցները` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարտ Տոքաեւ, Խրխզիստանի նախագահ Սոորոնպա Ժէենբեքով, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի, Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան այցելած են Երեւանի Թումօ կեդրոն, ուր տեղի կ’ունենայ «Եւրասիական աշխարհամասի տարանցիկ ներուժը» խորագիրով համաժողովը:

Վարչապետը համաժողովի մասնակիցներուն շնորհակալութիւն  յայտնած է իրենց արգասաբեր աշխատանքին համար եւ ողջունած անոնց այցելութիւնը Հայաստան:

Ապա վարչապետ Փաշինեան ընթերցած է այն հռչակագիրին բնագիրը, որ ընդունուած է համաժողովի արդիւնքներուն հիման վրայ:

Այնուհետեւ բարձրաստիճան հիւրերը ծանօթացած են Թումօ ստեղծարար կեդրոնի գործունէութեան: