«Հորիզոն».-ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան, յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան, Երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Վանգուվըրի մէջ հանդիպում մը ունեցան Քանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Քրիսթիա ֆրիլէնտի հետ:

Զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան Քանատա-Հայաստան տնտեսական յարաբերութեանց զարգացման, Արցախի ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման ի խնդիր՝ Քանատայի կառավարութեան գործօն դերակատարութեան հնարաւորութեանց եւ անհրաժեշտութեան հարցերը։

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Քանատայի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութեանց։

Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները նախարարին յանձնեցին յանձնախումբին պատրաստած թղթածրարը:

Նշենք, որ 2019-ի Քանատայի Դաշնակցային ընտրութիւններուն ընդառաջ, ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Հայաստանի, Արցախի ու հայ ժողովուրդին ընդհանուր շահերէն մեկնած՝ հրապարակած է առցանց եւ տպագիր անգլերէն գրքոյկ մը, որ համապարփակ ձեւով կ՚անդրադառնայ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն: