«Ազդակ».- Լիբանանի մէջ իրենց հանդիպումներուն շրջագիծէն ներս, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն Մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեանի, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր տեսակցեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Ներկայ էին նաեւ փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ քաղաքապետարանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ:

Քաղաքապետ Պօղոսեան ողջունելով ներկաները հայրենի հիւրերուն ծանօթացուց հանդիպումին ներկայ եղող պատասխանատուները եւ սեղմ գիծերու մէջ պարզեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կառոյցը` նշելով, որ քաղաքապետական խորհուրդի 21 անդամներէն 14-ը լիբանանահայեր են եւ կ՛ընդգրկեն երեք կին դէմքեր, ինչ որ աննախընթաց է Լիբանանի քաղաքապետութեանց պատմութեան մէջ: Ան նաեւ նշեց, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը առաջինն էր, որ որդեգրեց իգական սեռէն քաղաքապետական ոստիկաններու պաշտօնավարութեան դրութիւնը, ինչպէս նաեւ 1950-ական թուականներէն ձեռնարկած է քաղաքապետական շէնքերու կառուցման, որուն նորագոյն քայլը 185 նոր յարկաբաժիններու կառուցումն է ու շուկայէն աւելի նպաստաւոր ու մատչելի սակագիներով յանձնումը շրջանի բնակչութեան: Պօղոսեան նաեւ անդրադարձաւ 2,2 քառ. քմ հաշուող Պուրճ Համուտի տարածքին գոյութիւն ունեցող բնակչութեան, հայկական եկեղեցիներուն, վարժարաններուն, կուսակցական ակումբներուն եւ ազգային այլ կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի դիմակալած մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն` երթեւեկի խճողումին, աղբերու, կոյուղիներու, ինքնաշարժներու եւ յարակից հարցերուն: «Մէկ խօսքով` Պուրճ Համուտը հայահոծ շրջան է եւ անիկա կը նկատուի հայութեան սիրտը, հոգին», ընդգծեց քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան: «Մեր հիմնական նպատակներէն մէկը այն է, որ յառաջիկայ հինգէն տասը տարիներուն կարենանք յաջողիլ Պուրճ Համուտը վերածել այնպիսի շրջանի, որ ոեւէ մէկը չուզէ մեկնիլ հոսկէ», շեշտեց Պօղոսեան` վերահաստատելով քաղաքապետութեան պատրաստակամութիւնը` կարելի բոլոր միջոցներով նպաստելու շրջանի բնակիչներուն, տեղահանուածներուն թէ այլ երկիրներէ ժամանող բանուորներու ապրուստի թէ կեցութեան կենցաղային պայմաններուն բարելաւման եւ հարթելու անոնց դիմակալած դժուարութիւնները: Ան աւելցուց, որ Մեթնի շրջանին մէջ կան քառասուն քաղաքապետութիւններ, «որոնց մէջ Պուրճ Համուտի մեր քաղաքապետութիւնը, ի պատիւ մեր ընկերներուն, առաջնակարգ դիրքի վրայ է, եւ եւրոպական թէ օտար ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ յաճախ կ՛այցելեն մատնացոյց ընելով հոս իրագործուող բարեփոխումները»:

Իր կարգին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց, որ ներկայ անդամներուն մեծ մասը գաղափարական եւ ազգային գործունեայ անձեր են եւ հոս եղողները դիրքի վրայ են, պաշտօնի վրայ են, պարտականութեա՛ն վրայ են եւ այդ պարտականութիւնը իրենց վստահուած է ՀՅԴ-ի Լիբանանի ղեկավար մարմինին կողմէ: Գրիգորեան հայրենի հիւրերուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ քաղաքապետութեան անդամ ըլլալը քիչ մը տարբեր է այլ տեղ նոյն պարտականութիւնը ստանձնելէ, քանի որ ընդհանրապէս այդ վայրերուն մէջ ընտրուած անձը պատասխանատու կ՛ըլլայ իր քաղաքացիներուն եւ քաղաքի յառաջդիմութեան ու բարելաւման: «Հոս այդ պարտականութիւնը եռապատկուած է», դիտել տուաւ Գրիգորեան` մէջբերելով քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի այն հաստատումը, որ Պուրճ Համուտը փոքր Լիբանան մըն է, փոքր Միջին Արեւելք մըն է, եւ Պուրճ Համուտը հայկական դիմագիծ ունենալով հանդերձ, հոն կան բոլոր համայնքներէն, դաւանանքներէն բնակիչներ, եւ քաղաքապետական խորհուրդը նախ եւ առաջ պատասխանատու է ո՛չ միայն հայութեան, այլ նաեւ այդ բոլորին ամբողջական ծառայութիւն մատուցելու: «Միաժամանակ, իբրեւ Դաշնակցութեան կողմէ նշանակուած պատասխանատու, պարտաւոր է յաչս հայութեան եւ ոչ հայերուն պահե՛լ ՀՅ Դաշնակցութեան աւելի քան հարիւրամեայ վարկը», ըսաւ Գրիգորեան:

«Երրորդ` դաշնակցական ըլլալով հանդերձ եւ հաւատարիմ մնալով հանդերձ իբրեւ լիբանանահայ իր ազգային, քաղաքացիական ու գաղափարական համոզումներուն, անոնք նաեւ պարտականութիւն ունին հայրենի քաղաքներուն հետ համագործակցութեան եղանակներ ճշդելու», ընդգծեց Ճորճ Գրիգորեան:

Ապա խօսակցութիւնները շարունակուեցան ներկաներուն միջեւ եւ կեդրոնացան առաւելաբար Պուրճ Համուտ-Հայաստան, Պուրճ Համուտ-Արցախ յարաբերութեանց, Պուրճ Համուտը հայրենի որեւէ քաղաքի կամ գիւղաքաղաքի հետ քոյր քաղաք հռչակելու նախընթացին եւ յառաջիկայ կարելիութեանց վրայ:

Այս գծով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճիգերը` նշելով, որ բաղդատաբար տարիներ առաջ իր նախորդ այցելութեան` զգալի բարեփոխում նկատած է Պուրճ Համուտի մէջ: Ան անհրաժեշտ նկատեց զարկ տալ եւ աշխուժացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները Պուրճ Համուտի եւ հայրենի զանազան շրջաններուն միջեւ: Ապա փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի մէկ ակնարկին անդրադառնալով` «Պուրճ Համուտը ո՛չ միայն Երեւան, այլ` Հայաստա՛ն է», շեշտեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Նմանապէս, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան դրուատեց տարուող ճիգերը եւ անդրադարձաւ հայրենիքի ու յատկապէս Արցախի եւ Պուրճ Համուտի միջեւ յարաբերութեանց եւ գործակցութեան կարելիութեանց:

Աւարտին քաղաքապետ Պօղոսեան հայրենի հիւրերուն հետ շրջելով անոնց ծանօթացուց քաղաքապետարանի զանազան բաժանմունքները: