«Արմէնփրէս».-Տարեսկզբին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Սուրիոյ մէջ իրականացուող մարդասիրական առաքելութիւնը իր գործունէութեան կարճ ժամանակահատուածով արդէն շօշափելի արդիւնք արձանագրած է՝ ինչպէս տեղւոյն իրավիճակի բարելաւման նպաստելու, նոյնպէս քաղաքական տարատեսակ հարթակներու վրայ հայկական շահերը յառաջ մղելու իմաստներով:
Այժմ Սուրիոյ մէջ աշխատանքներ կը ծաւալէ շուրջ 80 մասնագէտներէ բաղկացած հայկական երկրորդ խումբը, որ Սեպտեմբերի վերջը պաշտօնապէս 2 մաքրուած ականադաշտ (90 հազար քառակուսի մեթր) յանձնած է Հալէպի նահանգային իշխանութիւններուն: Արդէն իսկ սկսած են աշխատանքները հերթական ականադաշտի մաքրման համար: Երկրորդ, Սուրիոյ հայկական մարդասիրական առաքելութիւնը հետեւողականօրէն կ’ընդլայնէ իր կողմէ իրականացուող աշխատանքներու ծաւալն ու ուղղութիւնը: Յատկապէս, ականազերծման զուգահեռ, ընդլայնուած են մատուցուող բժշկական ծառայութիւնները (հայ բժիշկները արդէն 5 հիւանդանոցներու մէջ կ’աշխատին` մեծ ուշադրութիւն դարձնելով յատկապէս երեխաներուն), հայ մասնագէտները կը կազնակերպեն նաեւ պայթուցիկ զինամթերքի վտանգի իրազեկման սեմինարներ եւ առաջին բուժօգնութեան դասընթացքներ կատարել Հալէպի բնակչութեան համար:
Մէկ այլ կարեւոր ձեռքբերում կը հանդիսանայ տեղւոյն ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան գործընկերներու ընդլայնումը: Առ այսօր ՀՀ առաքելութիւնը կը համագործակցէր սուրիական իշխանութիւններուն եւ ռուսական ուժերուն հետ: Սակայն հայկական մարդասիրական առաքելութիւնը գործակցութեան մասին համաձայնութեան հասած է նաեւ Սուրիոյ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգման (UN OCHA) Հալէպի գրասենեակին հետ: Կը նախատեսուի համագործակցութեան ձեւաչափ մշակել, քննարկելու եւ իրականացնելու բոլոր այն ծրագիրները, որոնք կը բխին ՀՀ մարդասիրական խումբի լիազօրութիւններէն:
ՄԱԿ-ի Հալէպի գրասենեակին հետ սպասուող համագործակցութիւնը կը վկայէ, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնելու ՀՀ որոշումն ու դրդապատճառները կը բխին ՀՀ ազգային շահերէն եւ կարեւոր է, որ սա ընկալուի նաեւ Հայաստանի արեւմտեան գործընկերներուն կողմէ: Այս առումով կարեւոր է նաեւ այն հանգամանքը, որ համագործակցութեան առաջարկութիւնը եղած է ՄԱԿ-ի գրասենեակին կողմէն:
Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւնը նաեւ անուղղակի քաղաքական ներդրում կը բերէ ինչպէս Հայաստանին, նոյնպէս ալ Սուրիոյ հայ համայնքին: Սեպտեմբերի վերջը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Միութեան մէջ յայտարարուեցաւ Սուրիոյ Սահմանադրական յանձնաժողովի ձեւաւորման մասին, որուն առաջին նիստը կը նախատեսուի 30 Հոկտեմբերին գումարել: Յանձնաժողովին կազմը կ’ընդգրկէ 150 անհատ (50-ական ներկայացուցիչ պաշտօնական Դամասկոսի, ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ): Իւրաքանչիւր խումբ պիտի ներկայացնէ 15 փորձագէտ Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք փակ նիստերուն մասնակցելու համար: Յատկանշական է, որ Սուրիոյ Սահմանադրական յանձնաժողովին մէջ ներառուած է նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ, որ կարեւոր համարուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Միութեան Սուրիոյ եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հանդիպումին ընթացքին։

Արփինէ Յովսէփեան