Առասպելն Ու Արուեստը
Առասպելը, ինչպէս նախապէս նշուած էր, մարդկային հաւաքական խիղճին արտադրանքն է, հաւաքական երազը, որ խորհրդանիշներու միջոցով կը մարմնաւորուի եւ կ’օգնէ մեր ուղեղին ըմբռնելու բարդ ու գերմարդկային գաղափարներ։ Ճիշդ է, որ այսօրուան աշխարհը առասպելներէ հեռու է, առաւել մօտ է նիւթական մտածելակերպին, ուր խորհրդանիշներէն ու վերացական գաղափարներէն աւելի մեծ դեր կը խաղան շօշափելի փաստերը եւ տեղեկութիւնները, սակայն բոլոր ժամանակները ունեցած են իրենց «քուրմ»երը, որոնք այլեւայլ ձեւերով մարդը հաղորդակից դարձուցած են հոգեղէն աշխարհին հետ։ Հնագոյն ժամանակներուն անոնք շամաններն էին, ցեղախումբերու կախարդները, որոնք կ’իրականացնէին պէտք եղած ծէսերը (ամուսնութիւն, թաղում, պատանի տղոց արբունքի ծէսեր եւ այլն)։ Շամանները ընդհանրապէս կը հագուէին ցեղախումբի թոթեմը յիշեցնող տարազ ու դիմակ եւ ծէսերու ընթացքին կը վերանային, կը նոյնանային գերբնական ուժերուն հետ ու կ’ազդէին դէպքերու ընթացքին վրայ։ Առասպելաբան Սըր Ճէյմս Ճորճ Ֆրէյզըր դիտել կու տայ, որ շամանները կա՛մ ցնորած, կամ ալ խաբեբայ մարդիկ եղած ըլլալու էին, որովհետեւ այդ ծէսերը բազմիցս կրկնելով մարդ չի կրնար չնկատել, որ անոնք ապարդիւն են եւ ազդեցութիւն չունին դէպքերու բնական ընթացքին վրայ։ Ուրեմն կա՛մ ցնորած մարդիկ էին, որոնք կը հաւատային իրենց կատարած ծէսերու ուժին, կամ ալ խաբեբաներ էին, որոնք գիտէին, որ անոնք ապարդիւն են, բայց կը շարունակէին դերը խաղալ, պահելու իրենց իշխանութիւնն ու վայելած պատիւը։
Ժամանակ մը վերջ, սակայն, նոյնիսկ ամէնէն բթամիտ մարդիկը պիտի անդրադառնային, որ կախարդական ծէսերը ապարդիւն են։ Մարդ արարածը սկսաւ ընդունիլ, որ ինք ոչ մէկ իշխանութիւն ունի գերմարդկային ուժերուն վրայ։ Բնականաբար հաւաքականութեան հոգեւոր կարիքները հոգացող շամանը եղաւ քուրմ, իսկ կախարդութիւնը փոխարինուեցաւ կրօնքով, որ կը հաւատայ ոչ թէ բնութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնելուն, այլ կը ջանայ աղաչանքի ու զոհաբերութիւններու միջոցով շարժել գերբնական ուժերու գութը, որպէսզի անոնք մարդուն կամքը կատարեն։
Կրօնական միտքի զարգացումով, քուրմերուն յաջորդեցին վարդապետները, որոնք կանուխ եւ ուշ միջնադարուն, իրենց ճգնումով ու ձգտումով վանքերը վերածեցին դպրութեան ու գիտութեան կեդրոններու, ուր մատուցուած աղօթքը չի միտիր գերբնական ուժերուն վրայ ազդելու, ոչ ալ անոնց գութը շարժելու, այլ թափուած ջանք է, ճգնութիւն ի նպաստ մարդու հոգիի բարձրացման ու մերձեցման գերմարդկային իտէալին։
Արեւմուտքի մէջ ծայր առած վերածնունդը եւ անոր զուգահեռ ընթացող մարդկային (հումանիստ) շարժումը ջանացին տապալել կրօնքը, հերքել բոլոր հոգեւոր երեւոյթները եւ զանոնք փոխարինել նիւթական շօշափելի արժէքներով։ Սակայն շարժումին կեդրոնը մարդ արարածն է, որ չ’անջատուիր հոգեւոր աշխարհէն, ուրեմն, նոր դարն ալ կարիքը ունէր նոր վարդապետներու եւ հոս սկսաւ երեւան գալ արուեստագէտին դերը, որպէս նոր դարու վարդապետ։ Արուեստի միջոցաւ պահպանուեցան հնագոյն ծէսերը (թատրոնով ու պարարուեստով), խորհրդանիշները (կեպարուեստի ու քանդակի մէջ), առասպելաբանական պատմումները (գրականութիւն ու երաժշտութիւն) եւ այլն։ Ճիշդ է, որ նոր դարերու վիպական հերոսը առօրեայ կեանք ապրող մարդն է, սակայն իւրաքանչիւր հերոս իր մէջ կը կրէ առասպելական հերոսի տիպարը եւ անոր զարգացումները, առանց անպայման անոր տալու գերբնական յատկութիւններ։ Այլապէս վէպը կամ շարժապատկերը մեզի հետաքրքրական չի թուիր եւ կը կորսնցնէ իր փայլքը։ Թերեւս շատերու զարմանալի թուի, որ ամերիկացի առասպելաբան Ճոզէֆ Քեմփպէլի ուսումնասիրութիւններուն մեկենասը եղած է Տիզնի շարժապատկերի ընկերութիւնը, որ առատօրէն օգտագործած է ու կը շարունակէ օգտագործել առասպելաբանական միտքը իր շարժապատկերներուն մէջ։ Հոն ալ կը կայանայ անոնց մեծ ժողովրդականութեան գաղտնիքը։ Մենք, հաւաքական յիշողութեան շնորհիւ, անգիտակցաբար համակրանքով կը հակադարձենք առասպելական պատմումներուն ու խորհրդանիշներուն եւ զանոնք հաղորդող արուեստի գործերը հարազատ ու հասկնալի կը թուին ըլլալ մեզի։
Շատ հեռու չերթալու համար, եկէք օրինակ առնենք մեր շատ սիրած պատկերներէն մին՝ Մեսրոպ Մաշտոցի ու Կորիւնի արձանը Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի մուտքին, հեղինակ՝ Ղուկաս Չուփարեան։
Սկսինք արձանին դիրքէն՝ մատենադարանի մուտքին։ Մատենադարանը ինքնին ճարտարապետական այնքան հիանալի գործ մըն է, կը յիշեցնէ հնադարեան ուխտատեղիները, ուր մարդիկ կը բարձրանային հետիոտն, յաճախ՝ ոտաբոպիկ։ Մատենադարանի մուտքն ալ նոյն սկզբունքով կառուցուած է (ի դէպ նաեւ նոյն սկզբունքով կառուցուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մուտքը), որովհետեւ հոն երթալը ուխտագնացութիւն է, հաւատարմութեան ուխտի վերանորոգում մեր ազգային հնադարեան արժէքները պահպանած մագաղաթեայ մատեաններուն։ Բլուրը բարձրանալէ ետք, տակաւին պէտք է բարձրանալ բազմաթիւ աստիճաններ, մտնելու համար մատենադարանի շէնքը։ Ահա ճիշդ հոն, բլուրը բարձրանալուդ պէս, աստիճաններուն ճիշդ ճակտին քեզ կը դիմաւորեն Ուսուցիչն ու իր Աշակերտը։ Ուսուցիչը՝ Մեսրոպ Մաշտոց, բազմած է տիրապետող դիրքով։ Անոր լայն ուսերն ու պարթեւ հասակը ընկալողին մէջ երկիւղածութիւն կ’արթնցնեն, ի յիշեցում այն ժամանակներուն, երբ աշակերտները առաւելաբար յարգանքով ու երկիւղածութեամբ կը մօտենային ուսուցիչին։ Այդ երկիւղածութիւնն ալ կը պատկերէ Աշակերտը՝ Կորիւնը, որ ուսուցիչին մօտ ծնրադրած, անոր «բերնէն կախուած է» կ’ըսէք։ Ուսուցիչին արտասանած իւրաքանչիւր բառը ինք պատրաստ է արձանագրելու նախ իր հոգիին, ապա՝ տետրակին մէջ, այնպէս ինչպէս ըրած են ու կ’ընեն բոլոր դարերու ուշիմ աշակերտները։ Տիպարներու յաջող խտացում են այս երկուքը։ Մաշտոց խաչելութեան նման, երկու թեւերը բացած է։ Խաչը հոգեւոր փրկութեան խորհրդանիշ է, բայց նաեւ խաչելութիւնը այն պահն է, երբ երկնայինն ու երկրայինը իրարու միացան եւ Աստուծոյ կամքը իրականացաւ՝ Քրիստոսի զոհաբերութեամբ։ Այդպէս ալ կարելի է ամփոփել Մաշտոցին կեանքը, աստուածային կոչումի ենթարկուիլ ու զոհել անձնականը՝ յանուն ազգի եւ հաւատքի. այլ խօսքով՝ խաչելութեան կենդանի օրինակ մը։ Մաշտոցին աջ ձեռքը ցոյց կու տայ Այբուբենը, որ իր 3×12 կամ 4×9 շարուածքներով մեր բոլորին ծանօթ ու սիրելի խորհրդանիշի մը վերածուած է։ Խորհրդանիշ, որ աստուածատուր ըլլալու հանգամանքով արդէն առասպելականացած է եւ իր մէջ կ’ամփոփէ մեր դարաւոր մշակոյթին պատմութիւնը, քովը գրուած է Առակաց Գիրքէն առնուած եւ առաջին թարգմանուած նախադասութիւնը՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ», որ իրականութեան մէջ այդ դրան բանալին կը թուի ըլլալ։ Բազմիցս բացատրուած ու մեկնաբանուած այս նախադասութիւնը անգամ մը եւս բացատրելու գայթակղութենէն հեռու պիտի մնանք։ Ուրեմն՝ Մաշտոց իր աջ ձեռքով ցոյց կու տայ դէպի գիտութիւն տանող ճամբուն դուռը՝ մեր աստուածատուր Այբուբենը եւ անոր բանալի նախադասութիւնը։ Ձախ ձեռքին ետեւ մեր ուշադրութիւնը պիտի դարձնենք թառած սուրով ու վահանով զինուած արծիւին։ Արծիւը, ինչպէս նախապէս անդրադարձանք, արական աստուածութեան եւ արեւապաշտութեան հետ առնչուած է։ Ան կը խորհրդանշէ մտքի խորաթափանցութիւն ու պայծառատեսութիւն, երկու յատկութիւնները, որոնք իմաստուն մարդը կազմաւորելու հիմքերն են։ Իսկ սուր ու վահան բռնելով կարծէք կը հաստատէ, որ իմաստութիւնն ու գիտութիւնը մարդու միակ իսկական զէնքն ու պաշտպանն են։ Առասպելական խորհրդանիշներու լաւագոյն օգտագործում արդի արուեստին մէջ։
Այսօր, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը Երեւան երթայ եւ այցելէ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը, բարձրանայ բլուրը ու իր առջեւ բացուի արձանին պատկերը իր վեհութեամբ, անպայմա՛ն պահ մը շնչասպառ կը կենայ անոր առջեւ, կ’ըմբոշխնէ գեղեցկութիւնը ու թերեւս չհասկնայ, թէ ինչո՛ւ այս արձանը այնքան հարազատօրէն կարծէք կը թրթռայ իր հոգիին մէջ։ Անոր մէջ կան հնագոյն դարերէն մեր հոգիներուն մէջ տեղ գրաւած խորհրդանիշներ ու նոր դարերու քուրմը՝ արուեստագէտը, զանոնք բացայայտելով կրկին զայն մեզի կը նուիրէ։
Յուշիկ Ղազարեան