«Araratnews.am».-Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Սոչիի մէջ տեղի ունեցող «Վալտա» համաժողովին  անդրադարձած է արցախեան հակամարտութեան, յատկապէս` ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` «Արցախը Հայաստան է» յայտարարութեան` պնդելով հակառակը, որ «Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»:

Araratnews.am-ը Ալիեւի յայտարարութեան մասին հարցում ուղղելով Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին, ըսաւ թէ ան ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանի ղեկավարի վերոնշեալ պնդումը:

Նախարարը պատասխանեց.«Արցախը երբեք չԷ եղած  Ատրպէյճանի կազմին մէջ, աւելին` ան երբեք չէ պատկանած Ատրպէյճանին: Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմին մէջ հայկական ինքնավարութեան պատմական առումով կարճատեւ ներառումը ամենեւին  հիմք չէ Արցախի Հանրապետութեան հանդէպ անկախ Ատրպէյճանի տարածքային նկրտումներուն համար: Արցախի հանդէպ հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութիւնը անսասան եղած է շատ աւելի առաջ, քան աշխարհի քարտէզի վրայ Ատրպէյճանի յայտնուիլը: Արցախը պատկանած է եւ կը պատկանի հազարամեակներէ ի վեր իր հայրենիքին մէջ ապրող հայ ժողովուրդին եւ հայկական աշխարհի անբաժան մասը կը  կազմէ: Հայաստան ըսելով կը հասկնանք մէկ երկիր, բայց ընդհանուր ապագայ ունեցող երկու պետութիւն: Ատրպէյճանական իշխանութիւնները, ի վերջոյ, պէտք է ճանչնան տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրողութիւնները, որ մատչելի կը դարձնէ Հարաւային Կովկասի երկարատեւ խաղաղութեան ապահովումը»: