«Ապառաժ».-ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէներու գործակցութեամբ ու ամերիկաբնակ բարերարներ Վարդան եւ Սոնա Ֆնտքեաններու հովանաւորութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ բացուած է ՀՅԴ Թորլաքեան եւ Ֆընտըքեան երիտասարդական կեդրոն:
14 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած երիտասարդական կեդրոնի պաշտօնական բացումն ու յանձն առուած ծրագիրը ամփոփելու նպատակով 15 Հոկտեմբերին ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոն այցելած են ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Կարօ Մատենլեան եւ բարերարներ Վարդան եւ Սոնա Ֆնտքեաններ` ուղեկցող անձերու հետ:
Ամերիկայէն ժամանած հիւրերը ընդունած են ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ ԿԿ անդամ Վահագն Տատայեան:
Հանդիպումին ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան յայտնած է, որ Արցախի հարաւային շրջանի ամրապնդումը ռազմաքաղաքական անհրաժեշտութիւն է:
Իսկ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցի աշխատանքները Արցախի մէջ չեն սահմանափակուիր միայն երիտասարդական կեդրոնի բացումով: ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի «Արմեն Գարօ» կոմիտէութեան «Երկիր» յանձնախումբի հովանաւորութեամբ Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ տեղադրուած է 30 այլընտրանքային ջրատաքացման համակարգ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցը իրականացուցած է նաեւ տնտեսական նշանակութեան այլ ծրագիրներ:
Լուսինէ Թեւոսեան