Եր­կու­շաբ­թի, 14 Հոկ­տեմ­բե­րի կէ­սօր­ուան ժա­մը 1:00-ին, Երե­ւա­նի «Մարի­ոթ» հիւ­րա­նո­ցի «Արա­րատ» դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը՝ ներ­կա­յու­թեամբ Ամենայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վազ­գէն Եպս. Միր­զա­խան­եա­նի, ՀՅԴ-ի Բիւ­րո­յի ան­դամ Յա­կոբ Խաչերեա­նի, ՀՅԴ Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Իշ­խան Սա­ղա­թել­եա­նի, Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի անդամ Մի­քա­յէլ Մա­նուկ­եա­նի, Պուրճ Հա­մու­տի քա­ղա­քա­պետ Մար­տիկ Պօ­ղոս­եա­նի, ՀՄԸՄ-ի ներ­կայ եւ նախ­կին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րու, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րու եւ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ընդհանուր Ժո­ղո­վի մաս­նա­կից ՀՄԸՄ-ական­նե­րու։
Բաց­ման հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թիւնը սկ­սաւ Հա­յաս­տա­նի եւ ՀՄԸՄ-ի քայ­լերգ­նե­րով։
Բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ եւ հան­դի­սա­վա­րու­թիւնը կա­տա­րեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վար­չու­թեան ան­դամ Սանտ­րա Վար­դան­եան։
Հան­դի­սու­թեան առա­ջին խօս­քը ար­տա­սա­նեց Ամե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վազ­գէն Եպս. Միր­զա­խան­եան։ Ան ըն­թեր­ցեց Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին յղ­ուած Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին խօս­քը, ուր ան կը հաս­տա­տէր, որ «Մէկ դա­րէ ի վեր Հայ Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թիւնը իր նուիր­եալ առա­քե­լու­թիւնը կþար­դիւ­նա­ւո­րէ՝ կր­թե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին պա­տա­նի եւ երի­տա­սարդ զա­ւակ­նե­րը, անոնց հո­գի­նե­րուն մէջ զօ­րաց­նե­լով ազգան­ուի­րու­մը եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնը»։
Գա­րե­գին Բ. իր խօս­քին մէջ բարձ­րօ­րէն կը գնա­հա­տէր եւ մե­ծա­պէս կը կա­րե­ւո­րէր ՀՄԸՄ-ի նուիր­եալ ծա­ռա­յու­թիւնը երի­տա­սար­դութ­եան խնամ­քի գոր­ծին մէջ։ Ան նա­եւ բա­րի ըն­թացք կը մաղ­թէր ՀՄԸՄ-ի նոր, ազ­գօ­գուտ ծրա­գիր­նե­րուն եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն։
Հան­դի­սու­թեան Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. Վե­հա­փա­ռին օրհ­նու­թեան գի­րը ըն­թեր­ցեց ՀՄԸՄ-ի «Մար­զիկ» պաշտօ­նա­թեր­թի խմ­բա­գիր Վի­գէն Աւագ­եան։ Օրհ­նու­թեան գի­րին մէջ Արամ Ա. կը հաս­տա­տէր, որ ՀՄԸՄ-ը սովորական իմաս­տով մարմ­նակր­թա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը չէ, այլ՝ առա­քե­լու­թիւն է իր էու­թեամբ եւ նպա­տա­կով։ «Մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու տա­րած­ման, հա­յա­կերտ­ման ու հա­յա­պահ­պան­ման նուիր­ուած որե­ւէ կա­ռոյց, նուի­րա­կան առաքելու­թեան մը լծ­ուած է մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս», կը շեշ­տէր Արամ Ա. իր գի­րին մէջ ու կը շարունա­կէր. «Այս­պէս եղած է ՀՄԸՄ-ը հայ կեան­քէն ներս ամէն տեղ. այս ոգի­ով ու նպա­տա­կաս­լաց յանձ­նա­ռու­թեամբ սերունդ­նե­րու դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան լծ­ուած հայ եկե­ղեց­ւոյ ու հայ դպ­րո­ցի կող­քին դառ­նա­լով հո­գե­ւոր, բա­րո­յա­կան ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պա­հա­պա­նը, ջա­հա­կի­րն ու առաք­եա­լը»։
Իր գի­րին մէջ, Արամ Ա. կը մաղ­թէր, որ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վը ՀՄԸՄ-ի առա­քե­լու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման եւ բո­լոր ՀՄԸՄ-ական­նե­րու յանձ­նա­ռու­թեան վե­րա­նո­րոգ­ման առիթ մը կը հան­դի­սա­նայ։
Յա­ջորդ խօս­քը ար­տա­սա­նեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատե­նա­պետ Դա­ւիթ Յա­կոբ­եան։ Ան ող­ջու­նեց միու­թեան Պատգամաւորա­կան Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պու­մը եւ նշեց, որ ՀՄԸՄ-ը վեհ ար­ժէք­նե­րու եւ դա­ւա­նան­քի վրայ հիմն­ուած կուռ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, որ կա­մա­ւոր, յա­մառ ու անտր­տունջ, ան­ցաւ բիւր դժուարու­թիւն­նե­րէ եւ վաս­տա­կեց պա­տիւ ու յար­գանք, բե­րաւ սէր ու միու­թիւն եւ ծո­ցին մէջ տաք պա­հեց ազատ հայրենի­քի երազն ու հա­յոց սուրբ Եռա­գոյ­նը։
Շա­րու­նա­կե­լով, Դա­ւիթ Յա­կոբ­եան յայտ­նեց, որ այ­սօր մենք կանգ­նած ենք ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հի նոր մարտահրաւէր­նե­րու դի­մաց, որոնք շատ են ու բազ­մա­շերտ, ու­նին զա­նա­զան դր­սե­ւո­րում­ներ Սփիւռ­քի եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Թէ­եւ քիչ չեն նա­եւ ընդ­հա­նուր խն­դիր­նե­րը եւ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը եւս։ ՀՄԸՄ պի­տի փոր­ձէ գտ­նել եւ ճիշդ կեր­պով ձե­ւա­կեր­պել բազ­մա­թիւ հար­ցե­րու պա­տաս­խան­նե­րը, ար­ժե­ւո­րել եւ վեր­լու­ծել մեր հա­սա­րա­կութ­եան եւ յատ­կա­պէս երիտա­սար­դու­թեան դի­մաց ծա­ռա­ցած խն­դիր­նե­րը, տես­նել անոնց խոր­քը եւ մշա­կել նոր, մե­թո­տա­պէս հա­րուստ ծրագիր­ներ, լուծ­ման յս­տակ ու­ղի­ներ։
Այ­նու­հե­տեւ, Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վի բաց­ման հան­դի­սութ­եան ՀՅԴ Բիւ­րո­յի խօս­քը փո­խան­ցեց Բիւ­րո­յի ան­դամ Յա­կոբ Խա­չեր­եան։ Ան ըսաւ, որ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 12-րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը իւ­րա­յա­տուկ է իր կա­յաց­ման ժամանա­կով։ Քա­ռամ­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թե­նէն ան­դին, հարկ է որ ժո­ղո­վը հան­գա­մա­նօ­րէն իր գնա­հա­տա­կա­նը կա­տա­րէ հայ­կա­կան իրա­կա­նութ­եան մէջ խոր ար­մատ­ներ նե­տած, ամե­նա­մար­դա­շատ, ամե­նա­տա­րած­ուած, ամենաժողովրդական եւ ամե­նա­ե­րի­տա­սարդ միու­թեան մէկ դար հա­րուստ ու պատ­ուա­բեր անց­եա­լի բազ­մա­շերտ ու բազ­մա­ծա­ւալ գոր­ծու­նէ­ու­թեան։ Ու այդ ար­ժե­ւո­րու­մէն մեկ­նե­լով ճշ­դէ յա­ռա­ջի­կայ տաս­նամ­եակ­նե­րու իր առա­քե­լութ­եան ճա­նա­պար­հը։
ՀՄԸՄ-ի կապ­ուած ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին խօ­սե­լով, Յա­կոբ Խա­չեր­եան յայտ­նեց, որ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշնակ­ցու­թեան ու­ղե­կից այս միու­թիւնը, ինչ­պէս անց­եա­լին, պի­տի շա­րու­նա­կէ ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հի յարափոփոխ պայ­ման­նե­րուն մէջ ար­ժէք­ներ պա­հել, հա­ւա­տալ մեր դա­րա­ւոր ար­ժե­հա­մա­կար­գին՝ ազգ, հայ­րե­նիք, լե­զու, եկե­ղե­ցի, ըն­տա­նիք, աւան­դու­թիւն­ներ ու սր­բու­թիւն­ներ պա­հող կազ­մա­կեր­պա­կան իր ու մեր ու­ժին։
Յա­կոբ Խա­չեր­եան աւել­ցուց, որ ՀՄԸՄ-ը այ­սօր եւ յա­ռա­ջի­կայ մօ­տիկ տաս­նամ­եակ­նե­րուն կը հան­դի­սա­նայ կազմ ու պատ­րաստ ա՛յն միու­թիւնը, որ կր­նայ առա­ւե­լա­գոյն յա­ջո­ղու­թեամբ ան­խոր­տա­կե­լի պատ­նէշ­ներ ու պա­րիսպ­ներ կառուցել հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման մա­հա­ցու վտան­գին դի­մաց։
Հան­դի­սու­թեան Հա­մազ­գա­յին Հայ Կր­թա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան ող­ջոյ­նի խօս­քը ըն­թեր­ցեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնա­կան Վար­չութ­եան ատե­նադ­պիր Րաֆ­ֆի Կէ­վօղ­լան­եան։ Խօս­քը կը նշէր, որ իր բազ­մա­ճիւղ գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ, սկաու­տա­կան խիտ շար­քե­րով եւ մար­զա­կան խում­բե­րով հա­րուստ այս միու­թիւնը է՛ ու կը մնայ հա­յա­պահ­պան­ման եւ հա­յա­կերտ­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն դարբ­նոց­նե­րէն մէ­կը։ Հա­րիւ­րամ­եա­կի իր հա­րուստ փոր­ձա­ռութ­եամբ զին­ուած, եւ հաւատա­րիմ իր առա­քե­լու­թեան, ՀՄԸՄ կը շա­րու­նա­կէ քայլ պա­հել ժա­մա­նա­կին հետ, եւ 21-րդ դա­րու յա­րա­փո­փոխ այս աշ­խար­հին մէջ, հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րէն ներս թէ դուրս, կը հան­դի­սա­նայ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կութ­եան եւ ազ­գա­յին ոգիի փո­խանց­ման առաջ­նա­կարգ դրօ­շա­կա­կի­րը։
Հան­դի­սու­թեան վեր­ջին խօս­քը ար­տա­սա­նեց ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եան։
Իր խօս­քին սկիզ­բը, Մկր­տիչ­եան յայտ­նեց, որ ՀՄԸՄ-ի Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ընդ­հա­նուրԺո­ղով­նե­րը միայն ՀՄԸՄ-ի ընտա­նի­քը հե­տաքրք­րող իրա­դար­ձու­թիւն­ներ չեն։ ՀՄԸՄ-ի Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ընդ­հա­նուր Ժո­ղով­նե­րը հա­մայն հայութ­եան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի հա­ւաք­ներ են, որով­հե­տեւ անոնք կը հա­մախմ­բեն Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն եւ աշխար­հի 23 եր­կիր­նե­րէ մեր ժո­ղո­վուր­դի ՀՄԸՄ-ական ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, որոնք լծ­ուած են մեր նո­րա­հաս սե­րուն­դի մար­դա­կերտ­ման ու հա­յա­կերտ­ման աշ­խա­տան­քին։
Մկր­տիչ­եան ընդ­հա­նուր ակ­նարկ մը նե­տեց միու­թեան վեր­ջին քա­ռամ­եա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն վրայ եւ կա­տա­րեց կարգ մը մատ­նան­շում­ներ։ Ան ըսաւ, որ նա­խորդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վէն՝ 2015 թուա­կա­նէն աս­դին եր­կա­րած ժամանակաշր­ջա­նը, ՀՄԸՄ-ի պատ­մութ­եան հա­մար եղաւ պատ­մա­կան, որով­հե­տեւ ան զու­գա­դի­պե­ցաւ միու­թեան 100-ամ­եա­կի հանգր­ուա­նին։ 100-ամ­եա­կը կազ­մա­կեր­պա­կան, յա­րա­բե­րա­կան եւ քա­րոզ­չա­կան զօ­րա­շար­ժի մատ­նեց միութիւնը եւ նոր թափ ու մղում տուաւ անոր աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Անց­նող քա­ռամ­եա­կին ՀՄԸՄ իր մաս­նա­ճիւ­ղը ու­նե­ցաւ Ար­ցա­խի մէջ։ Ամ­րապն­դեց եւ ըն­դար­ձա­կեց Հա­յաս­տա­նի մէջ իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը եւ լայն զարկ տուաւ Մոս- կ­ուա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Նա­եւ, միու­թիւնը ու­նե­ցաւ 8 նոր մի­ա­ւոր­ներ եւ մաս­նա­ճիւ­ղեր աշ­խար­հի տա­րած­քին, ինչ որ դրա­կան երե­ւոյթ է ընդ­հա­նուր նա­հան­ջի, այ­լա­սեր­ման եւ օտա­րաց­ման մեր օրե­րուն։
Վեր­ջա­պէս,- նշեց Մկր­տիչ­եան,- ՀՄԸՄ-ի անց­նող քա­ռամ­եա­կը յատ­կան­շա­կան է, որով­հե­տեւ միու­թեան սկաու­տա­կան եւ մար­զա­կան ճիւ­ղե­րուն կող­քին, ան ստեղ­ծեց եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն նկա­տուող միու­թեան երիտա­սար­դա­կան բա­ժան­մուն­քը, նախ՝ Եւ­րո­պա­յի երի­տա­սար­դու­թիւնը հա­մախմ­բող Վի­են­նա­յի 2017-ի հա­ւա­քով ու ապա՝ Աթէն­քի 2019-ի երի­տա­սար­դա­կան Ա. հա­մա­գու­մա­րով։
Խօս­քին աւար­տին, Մկր­տիչ­եան խոս­տա­ցաւ անակն­կալ մը ներ­կա­յաց­նել 100-ամ­եա­կի
տար­ուան աշ­խա­տանք­նե­րը ծա­նօ­թաց­նող տե­սե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թե­նէն ետք։
Անակն­կա­լը եղաւ վաս­տա­կա­շատ երեք ՀՄԸՄ-ական­նե­րու պար­գե­ւատ­րու­մը միու­թեան բարձ­րա­գոյն՝ «Ար­ժան­եաց» շքան­շա­նով։
Շքան­շան­նե­րու եւ ներ­կա­նե­րու գնա­հա­տան­քի ծա­փող­ջոյն­նե­րուն ար­ժա­նա­ցան միու­թե­նա­կան իրենց եր­կա­րամ­եայ ծառա­յու­թիւն­նե­րով ծա­նօթ ՀՄԸՄ-ական­ներ՝ Հրաչ Սի­սեռ­եան՝ Ֆրան­սա­յէն, Մա­նուկ Քէ­օշ­կէր­եան՝ Սուր­իա­յէն եւ Գարլոս Սէ­ֆէր­եան՝ Ար­ժան­թի­նէն։
Վեր­ջի­նը հան­դի­սու­թե­նէն բա­ցա­կայ ըլ­լա­լով, շքան­շա­նը փո­խանց­ուե­ցաւ զաւ­կին։
Հան­դի­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան բա­ժի­նին յա­ջոր­դեց պար­գե­ւատր­եալ­նե­րու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, որ­մէ ետք՝ յետ­մի­ջօ­րէ­ին Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը մեկ­նե­ցան Ծաղ­կա­ձոր, ուր երե­կոյ­եան ժա­մը 9-ին, «Մարի­ոթ» պան­դո­կի ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ սկ­սան իրենց աշ­խա­տան­քա­յին նիս­տե­րուն, որոնք պի­տի շա­րու­նակ­ուին մին­չեւ Շա­բաթ, 19 Հոկ­տեմ­բեր: