Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցաբար, 17 Հոկտեմբերին ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբին կողմէ Հալէպի Զինուորական հիւանդանոցին բժշկական պարագաներ տրամադրուած են։
Սուրիական զինուորական հիւանդանոցի տնօրէնութիւնը երախտագիտութիւն յայտնած է հայ բժիշկներուն՝ ոչ միայն տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, այլ նաև Հայ Ծերանոցէն, ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնէն և շարք մը այլ բժշկական հաստատութիւններէն ներս ամէնօրեայ դրութեամբ ցուցաբերուող բժշկական օժանդակութեան համար:
Զինուորական հիւանդանոցի պետ, զօրավար Ֆայէզ ալ Այուպիի խօսքով՝ հայաստանցի եւ սուրիացի բժիշկները միատեղ ջանքեր գործադրած են պատերազմի հետևանքով տուժածներուն օգնելու համար. «Մեր հայ գործընկերները մարդասիրութեամբ, մարդկայնութեամբ և արհեստավարժ կերպով ամէն օր օգնութիւն կը ցուցաբերեն Սուրիոյ բնակչութեան։ Ազգովին կը գնահատենք այն կարևոր քայլը, որ մեր դժուար կացութեան մէջ հայերը մեր կողքը կեցան»։
Հիւանդանոցի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ իշխանութիւններուն, ինչպէս նաև առողջապահական մարմիններուն՝ մշտական աջակցութեան համար։