«Ասպարէզ».-Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին, ծանօթ հրապարակագիր, մտաւորական եւ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեանի «Ես Տեսայ Անին» նորատիպ հատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 3 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Համազգայինի Կլենտէյլի կեդրոնատեղիի սրահին մէջ:
Ներկայ էր շրջանի եկեղեցւոյ հովիւներէն Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան՝ իբրեւ ներկայացուցիչ առաջնորդ Մուղեղ արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին նաեւ Շրջանային վարչութեան եւ անոր Գրական միաւորի անդամ-ներկայացուցիչները, հեղինակի ընտանեկան պարագաները եւ բարեկամները, ինչպէս նաեւ Հալէպի ճեմարանական իր ընկերները ու մեծ թիւով գրասէր եւ մշակութասէր հայորդիներ:
Երեկոյի բացման խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ միաւորի ատենապետ Մակի Պապիկեան, որ ներկաները ողջունելէ առաջ ընթերցեց Գէորգ Պետիկեանի հայ լեզուին նուիրուած ոտանաւորը, մեծապէս տպաւորելով բոլորը: Ապա, ան յիշեցուց, թէ այս ամիսը նուիրուած է մեր մշակոյթին եւ յատկապէս մեր թագմանիչներուն, եւ պատեհ առիթ է, որ մեր մշակոյթին հետ աղերս ունեցող նման ձեռնարկ կը կազմակերպուի նոյն ժամանակ:
Պետիկեան իր աշակերտական տարիներէն կը սպասարկէ հայ գրականութեան բագինին, յիսնամեայ վաստակ մը աւանդելով Սփիւռքին: Ապա բեմ հրաւիրեց վաստակաշատ դաստիարակ Արփի Համբարեան Ճիէրեանը, որպէսզի ներկայացնէ հատորը:
Արփի Համբարեան նախ ներկայացուց հատորը իր ընդհանրութեան մէջ. հրատարակման տարի, վայր եւ բովանդակութիւն, ինչպէս նաեւ մէջբերեց փոխան յառաջաբանի բաժինէն Շաքէ Մանկասարեանի՝ հեղինակին հասցէագրած տողերէն բաժին մը։
Համբարեան նաեւ պարզեց, թէ իբրեւ առանցք՝ հատորը կարելի էր բաժնել երեք գլխաւոր մասերու. հայն ու հայութիւնը, մանաւանդ սփիւռքահայը՝ իր ազգային անլոյծ տագնապներով, նաեւ գոհունակութեամբ, ապա՝ ամենայն պարզութեամբ հեղինակին տեսանելի դարձող նոր սերունդի շուրթերէն մայրենի լեզուին նահանջը կամ անհետացումը, հայ ժողովուրդի սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն նկատմամբ անտարբեր կեցուածքը, բախումը՝ հինը պահելու եւ գուրգուրալու փոխարէն, նորը (օտարը) իբրեւ իր սեփականը որդեգրելու ծայրայեղութիւններուն, ապա վերջին՝ անձնական յոյզերու, յուշերու եւ գրողի հոգեկան ապրումներուն բաժինը: Ան, այս բոլորը համեմեց յստակ եւ դիպուկ հատորէն մէջբերումներ կատարելով: Իր խօսքի աւարտին՝ ան բարի մաղթանքներով մեծապէս գնահատեց եւ շնորհաւորեց հեղինակը:
Սրտի խօսք արտասանեց հեղինակը: Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, ապա նաեւ հատորին պատրաստութեան ու հրատարակութեան աջակցողներուն. շնորհակալութիւն՝ հատորը ներկայացնող դաստիարակին, յայտագիրին մասնակցող արուեստագէտներուն, հիւրընկալին եւ բոլոր բարեկամներուն, ընտանիքի հարազատներուն ու ներկաներուն: Պետիկեան անդրադարձաւ հայ գիրին ու դպրոցին իր մատուցած կէսդարեայ ծառայութիւններուն՝ շեշտելով. «Մայրենիին հետ իր մտերմութիւնը եղած է մղիչ ուժ ու սեւեռակէտ»: Ան վկայեց, որ հայ գիրքի հանդէպ մեր ընթերցասէր հասարակութեան մէկ արտայայտիչն է այս երեկոյթը:
Իր խօսքի աւարտին Պետիկեան երախտագիտութեան արտայայտութիւն հասցէագրեց բոլոր իր գրիչին քաջալեր հանդիսացող մշակութասէրներուն:
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան սրտի խօսքը փոխանցեց Լիւսի Չուխաճեան. ան անդրադարձաւ Համազգայինի առաքելութեան, ապա գնահատելով օրուան ձեռնարկն ու անոր կազմակերպիչները՝ շնորհաւորեց եւ բարի մաղթանքներ փոխանցեց հեղինակ Պետիկեանին:
Հանրածանօթ եւ վաստակաշատ բեմադրիչ եւ դերասան Սեդրակ Պրոնզեան, դերասանի իր տաղանդը ի գործ դրաւ՝ բեմական ոճով ընթերցելով հատորէն «Ոսկի Սմբուկներ» եւ «Սեւանի Հորթուկը» պատմուածքները, որոնք կ՛արտայայտէին հեղինակին զուարթախոհութեան յատկանիշները: Ան յաջողեցաւ մագնիսացնող մթնոլորտի մէջ ներգրաւել ունկնդիրները:
Իսկ ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին երկու խոստումնալից երիտասարդ արուեստագէտներ՝ Սարօ Պապիկեան եւ Բարտի Մինասեան, որոնք կիթառի վրայ գեղեցկօրէն յաջորդաբար հրամցուցին Կրանատոսէն, Քոքսա-Մարքոյէն եւ Կոմիտասէն ստողծագործութիւններ։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ տէր հօր աղօթքով:
Այնուհետեւ, ներկաները վայելեցին կոկիկ ու պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, իսկ հեղինակը մակագրեց հատորէն օրինակներ: Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ ներկաները երկար ու կարօտով զրուցեցին գրող-հեղինակ-ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեանի հետ:
(Թղթակցութիւնը՝ Գրական միաւորէն)