«Արմէնփրէս».-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի Հնդկաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քիշան Տան Տեւալը:
Վաչապետը շնորհաւորած է դեսպանը դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնելուն առիթով եւ մաղթած արդիւնաւէտ աշխատանք` ի նպաստ հայ-հնդկական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու ամրապնդման: Կառավարութեան ղեկավարը յայտնած է, որ Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ, որու ընթացքին երկու կողմերը կարեւոր համարած են տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացման վերաբերող տարբեր հարցեր: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է տեղեկատուական ճարտարագիտութեան, զբօսաշրջութեան, առեւտրական կապերու խորացման, ներդրումային միատեղ ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններուն եւ այդ առնչութեամբ նախատեսուող քայլերուն:
Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր համարած է նաեւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան եւ Հնդկաստանի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման համաձայնագիրի ստորագրումը, որ նոր ազդակ պիտի հաղորդէ հայ-հնդկական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն ու փոխգործակցութեան ընդլայնման:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային հարցերուն շուրջ: