Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Տէր Զօրի նահանգապետարանը կամուրջ մը կառուցած է Եփրատ գետի ափերուն միջեւ՝ հասնելով յարակից Մրէի եւ Մրաթ գիւղերը: Աղբիւրը յայտնեց, որ կամուրջը առաջինը կը նկատուի, պատերազմի տարիներուն Ուաշինկթընի կողմէ Եփրատի բոլոր կամուրջներուն քանդումէն ետք:
Տէր Զօրի նահանգապետ Ապտուլ Մաճիտ Քաուաքիպի շեշտեց, որ կամուրջը հաստատուեցաւ բնակիչներուն պահանջին հիման վրայ: Անոնք փափաք կը յայտնէին, որ Եփրատի ափերուն միջեւ կամուրջ մը հաստատուի եւ Տէր Զօրէն դէպի այլ նահանգներ երթեւեկութեան դրութիւնը վերահաստատուի:
Քաուաքիպի աւելցուց, որ այսուհետեւ կամուրջին միջոցաւ ապրանքներու եւ գիւղատնտեսական արտադրութիւններու փոխանակում կրնայ տեղի ունենալ Ճեզիրէ շրջանին եւ սուրիական այլ նահանգներուն միջեւ: