Յոյն Գործարարներու Միութեան նախագահ Իանօս Մանտրինոս, պատուիրակութեամբ մը Դամասկոս այցելեց, երկու երկիրներուն միջեւ տընտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար:
Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ նախորդ տարուան ընթացքին սուրիական կողմին հետ ստորագրուած փոխըմբռնումի յուշագիրը ի գործ դնելու համար:
Այս առիթով, Դամասկոսի առեւտուրի գրասենեակի նախագահ Ղասսան Քիլաա յայտնեց, որ յուշագիրը կ’ընդգրկէր Յունաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ ծովային փոխադրութեան գիծ մը բանալու ծրագիրը: Ներկայիս լուրջ աշխատանք կը տարուի այս ուղղութեամբ: