«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն անդրադարձած է 2 Նոյեմբերին Տօլմապահչէ պալատէն ներս ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի պատուիրակութեան հետ կատարուած հանդիպումին:

Քալըն յայտնած է, որ հանդիպումին ընթացքին թրքական կողմը նախ իր դժգոհութիւնը յայտնած է Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման եւ Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու որոշման առիթով:
«Մենք դիտել տուինք, որ անոնք անընդունելի են ինչպէս օրակարգ բերուած իրենց ընթացքին, այնպէս ալ բովանդակութեան առումով եւ չեն նպաստեր թուրք –ամերիկեան յարաբերութիւններուն», ըսած է ան:

էրտողանի խօսնակը տարակուսանք յայտնած է, թէ ինչու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգ բերուած ոչ թէ Ապրիլին, ինչպէս կ’ըլլայ սովորաբար, այլ Հոկտեմբերին եւ յատկապէս 29 Հոկտեմբերին, երբ Թուրքիան կը յիշատակէ իր հանրապետութեան օրը:

Շարունակելով Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման ուղղուած աւանդական ձեւակերպումներ հնչեցնել` Քալըն պնդած է, թէ 1915-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները իրաւաբանութեան տեսակէտով չեն կրնար որպէս ցեղասպանութիւն որակուիլ, որովհետեւ «Ցեղասպանութիւն» եզրը Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէն ստեղծուած է աւելի ուշ` 1944-ին: Քալըն, սակայն, մոռցած է, որ Լեմքին անձամբ բազմիցս յայտնած է, որ նշեալ եզրը ստեղծելու պահուն ի միտի ունեցած է նաեւ հայերու կոտորածները:

Քալընի երրորդ առարկութիւնը ընդդէմ Ներկայացուցիչներու պալատի որոշումին եղած է այն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տակաւին որեւէ միջազգային դատարան որոշում չէ գոյացուցած:
«Դուք Ձեզ դատարանի տեղ դրած էք ու որոշումներ կը գոյացնէք: Նոյնիսկ կը փորձէք կեանքի կոչել բանաձեւ մը, որ պիտի խոչընդոտէ այս նիւթերուն շուրջ ազատ քննարկումները: Իսկ ո՞ւր մնաց խօսքի ազատութիւնը», ըսած է Էրտողանի խօսնակը: Ան աւելցուցած է, որ ԱՄՆ Քոնկրէսի պատուիրակութեան յիշեցուցած է նախագահ Էրտողանի առաջարկը` Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան նպատակով պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու մասին: