«Ասպարէզ».- Պատասխանելով Աւստրալիոյ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբի ատենապետ Էրիք Էպեցի հարցումներուն՝ երկրին Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ընդունեց, թէ հակառակ անոր, որ իր երկիրը տակաւին չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը, կասկած չունի, որ անիկա հակամարտութեան կողմերէն մէկն է։

Էպեց շեշտեց, որ տագնապին լուծման Արցախի մասնակցութիւնը պիտի նպաստէ արդար լուծում մը գտնելու ջանքերուն։

Աւաստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Կայսէրեան ողջունեց այս յայտարարութիւնը, զայն Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման ճամբուն վրայ առնուած կարեւոր քայլ մը նկատելով։

Աւելցնենք, որ Էպեց նախկին նախարար է եւ մաս կը կազմէ Աւստրալիոյ Արցախի բարեկամներու ցանցին։

Էպեցի այլ հարցումի մը պատասխանելով, Քանպերա խոստացաւ հետեւիլ այն տեղեկութիւններուն, որոնց համաձայն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, ինչպէս այլ երկիրներու մէջ,  Աւստրալիոյ մէջ եւս գումարներ ծախսած են (կը խօսուի առնուազն 200.000 տոլարի մասին), կաշառքներու միջոցաւ լռութեան մատնելու համար Պաքուի հասցէին քննադատութիւնները։