Պարտէզով տան մը մէջ բնակած ենք աւելի քան չորս տասնամեակ։ Այնտեղ ապրած ենք պահեր, որոնք տպաւորած են մեզ մեր բովանդակ կեանքի տեւողութեան։
Այնտեղ է, ուր մէկէ աւելի անգամներ ընդունած ենք Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանը, բնականաբար իրեն մտերիմ անձնաւորութեանց հետ, որոնք իր անմիջական զրուցակիցներն էին եղած։ 1977-ի Կիրակի առաւօտ մըն էր։ Կանուխ արթնցած տան անհրաժեշտ կարգադրութիւները կ’ընէի։ Մեծ բակ մը ունէինք, որ պէտք է մաքուր եւ ներկայանալի ըլլար, հետեւաբար աւելը ձեռքիս, ջուրի խողովակն ալ քրոջս ձեռքին, կ’աշխատէինք ժամ առաջ վերջացնել մաքրութիւնը, որմէ յետոյ սեղանը եւ յարակից բաժինները պիտի պատպաստէինք, երբ անակնկալօրէն պարտէզին դուռը բացուեցաւ եւ սրբազան հայրը գոհունակ դէմքով քայլերը դէպի ներս ուղղեց։ Անոր կանուխ ժամանումէն զարմացած գոչեցի.- Այս որքան կանուխ եկաւ սրբազանը այսօր,- լսած ըլլալով բողոքս ան աւելցուց.- Լա՛ւ ըրի, ուրիշ անգամներ ալ այսպէս կանուխ պիտի գամ։ Քիչ յետոյ մնացեալ հրաւիրեալներն ալ աւելցան եւ մինչեւ իրիկուն լաւ ժամանակ անցուցինք։Ներկայ հիւրերուն մաս կը կազմէին նաեւ գրագէտ, պատմաբան Պօղոս Սնապեանն ու իր տիկինը, որոնք հաճելի ժամեր պարգեւեցին բոլորիս։ Պրն. Պ. Սնապեան անզուգական խօսակից ըլլալով, սրբազան հօր հետ զրուցելէ ետք ընդհանուրին ակնարկելով աւելցուց. «Հիմա ներկաներուն հարց պիտի տամ, թէ արդեօք գիտե՞ն «լեզու» բառին իմաստը»։ Պահ մը լռութիւն տիրեց, ապա աւելցուց,- Ըսեմ ձեզի հետեւեալը.«Լեզուն բառերու կուտակում մը չէ, նախադասութիւններու շարադասութիւն մը չէ, ժողովուրդի մը ներքին «դաշտանկարային», արտաքնացած համապատկերն է լեզուն։ Արիւնը ալեկոծող շարժում է, հոգին զուարթացնող ձայն է, սիրտը աշխուժացնող գոյն է։ Իւրաքանչիւր բառ պատմութիւն մը ունի եւ առանձին նշանակութիւն։ Այս բառին համապատասխան զօրութեամբ եւ թելադրականութեամբ հոմանիշ կարելի չէ գտնել ուրիշ լեզուներու մէջ»։ 
Բոլորը լուռ էին։
Օրուան հաճելի մթնոլորտին աննախընթաց երեւոյթ էր տիկին Սնապեանի մենապարը, այնքան բնական եւ նազանքով, որ մինչեւ օրս յիշողուպեանս մէջ կը մնայ նոյն տպաւորութեամբ։
Այդպէս, ուրիշ հիւրեր դարձեալ, որոնք 1989-ի Կիրակի յետմիջօրէի մը երեւցան անակնկալօրէն, երբ փափաքեցանք ունենալ իրենց կենսագրական տուեալները, ըսուեցաւ որ պէտք էր համբերել, ընկ. Ռաֆֆի Սարաֆեանն էր, որուն տիկնոջ անմիջական ընկերակիցներն էին՝ Պէյրութէն ժամանած տէր եւ տիկին Մ. Հերկելեանները, դոկտ. արուեստաբան Մ. Ծիրանին։ Հիւրերը բաւական ուշ հասան։ Պրն. Մովսէսին ձեռքին կար կաւէ փոքր ըմպանակ մը, որ, իր բացատրութեամբ, հնութիւն մըն էր։ Համազգայինի հրաւէրով Պէյրութէն ժամանակ տէր եւ տիկին Հերկելեանները դասախօսութեան առաքելութեամբ Հալէպ կը գտնուէին։ Պարոնը հնագիտութեամբ զբաղած էր միշտ, հետեւաբար իմացած ըլլալով մեր բնակարանի ունեցած հնագիտական առաւելութեան մասին, ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր այդ ուղղութեամբ իմացած զեկոյցներուն եւ փափաքած անձամբ գալ եւ հաստատել իմացածը։
Համազգայինի հրաւէրով տէր եւ տիկին բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանները եւս 1987-ին Հալէպ կը գտնուէին թատերախաղ մը ներկայացնելու համար։ Առ այդ, շատ աշխատանք կար տանելու։ Նոր Գիւղի, Գաբրիին կռնակը գտնուող յարկաբաժին մը, որ համազգայնական Կարպիս Դերձակեանին կը պատկանէր, սիրով տրամադրուեցաւ Խտըշեաններուն եւ տունը կոչուեցաւ «Զոքանչանոց», որովհետեւ նախապէս Դերձակեանի զոգանչն ալ որպէս սեփականատէր հոն բնակած էր։ Բնակարանը տրամադրուեցաւ Խտըշեան ընտանիքին, ի մեծ գոհունակութիւն բոլորին։
Երկու ամսուան աշխատանքով պրն. Խտըշեան յաջողեցաւ բեմ բարձրացնել «Հայաստանի Լեռներու Սրնգահարը», որուն համար ինք ալ շատ տագնապեցաւ, շրջապատն ալ։ Ցերեկ-գիշեր ընելիք կար։
Մօտ էր բեմադրութեան թուականը, առիթէն օգտուելով առաջարկեցի որ Կիրակի պարտէզ գան։ Առաջարկիս ընդառաջեցին գոհունակութեամբ։ Ճշդուած օրուան եւ ժամուն ես եւ եղբօրս տղան գացինք նշանակուած շրջանը, մարդ չգտանք։ Բաւական դառնալէ յետոյ տեսանք պրն. Վարուժանին նմանող մէկը։ Շիտակ տեսած էինք. ի վերջոյ տիկինն ալ վար իջաւ եւ հասանք պարտէզ։ Բեմադրիչն ու տիկինը շատ հարցումներ ունէին ուղղելիք, թէ ինչպէս գտած էին մեր քաղաքը, զիրենք հետաքրքրողը առաւելաբար Համազգայինի կեդրոնն էր, գործունէութեան վայրը։ Ի վերջոյ, տան չորս բոլորը դառնալէ յետոյ, նստանք նախաճաշի։ Ճնճղուկները կը թռվռային օդին մէջ։ Ընկ. Վարուժան հարցուց. «Արդեօք կարելի՞ է ունենալ հրացան մը, կ’ուզեմ որսորդութեան փորձ մը ընել»։ Ներսէն բերուեցաւ իր ուզածը, բոլորս կը հետեւէինք իր շարժումներուն։ Քիչ ետք տեսանք, որ փամփուշտը դպած ըլլալով ելեկտրական թելին գետին ձգած էր զայն։ Անշուշտ ժպտեցանք, նշանակալից էր դէպքը։