Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի հայ բժիշկներէն մէկը Հալէպի զինուորական հիւանդանոցէն ներս ծննդաբերողի ու նորածինի կեանքեր փրկած է։
Վիրահատումի յաջող աւարտէն ետք մայրն ու փոքրիկը առողջ են։ Այս ընտանիքը մանչ զաւակ մը լոյս աշխարհ բերած է։ Հալէպի զինուորական հիւանդանոցի բժիշկները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են հայ բժիշկին՝ իր կատարած վիրահատութեան համար։ Հայկական մարդասիրական խումբի բժիշկներուն առողջական տարբեր հարցեր ունեցող մարդիկ կը դիմեն։ Փետրուարէն առ այսօր մասնագէտները աւելի քան 6550 քաղաքացիի աջակցութիւն ցուցաբերած են։ Անոնք իրենց ամէնօրեայ աշխատանքով ու գրանցած արդիւնքներով կ’ապացուցեն առաքելութեան կարեւորութիւնը, իսկ սուրիական կողմէ անընդհատ հնչող երախտագիտութեան խօսքերը առաքելութեան անհրաժեշտութեան վկայութիւնը կը հանդիսանան։