-Է՜հ, Վարդան, տարիները ինչքան շուտ անցան: Արդէն 70 -ը կտրեցինք -անցանք ,-ըսաւ Յակոբ կէս մը ժպտելով, ձայնին ափսոսանքի շեշտ մը աւելցնելով :
-Հա՛, անցան, շուտ անցան:
 -Որքան աշխատած եմ, որքան քրտինք թափած եմ, մինչեւ որ կրցած եմ այս պարտէզը կանաչցնել:
 -Քեզի պէս՝ ես ալ:
-Հիմա շատ կը նեղուիմ, երբ կը տեսնեմ շատ մը երիտասարդներ չեն սիրեր պարտէզի գործը, բայց երկար ժամեր հեռաձայնը ձեռքերնին՝ պարապ ժամանակ կ’անցընեն:
-Մեր ժամանակը ուրիշ էր, անոնցը՝ ուրիշ:
-է՜հ, անցած ժամանակը չես կրնար ետ բերել:
Սերոբ Դանիէլեան
ՕՕՕ
-Ինչո՞ւ հոս պիտի չմնաս:
 -Որովհետեւ զինուորութեան հարց ունիմ եւ կ’ուզեմ ուսումս դուրսը շարունակել:
-Բայց հոս ալ կրնաս ուսանիլ:
-Հոս շատ դժուարութիւններ կան սիրած նիւթդ ուսանելու համար:
-Իսկ ո՞ւր կը մտածես մեկնիլ:
-Հայաստան :Կ’ուզեմ հոն ուսանիլ եւ միեւնոյն ատեն հայրենիքիս հողին վրայ ապրիլ: Հոն ուսանելու դիւրութիւնները այստեղէն աւելի են:
 -Իսկ ապագային կը մտածե՞ս վերադառնալու մասին:
-Կ’ուզեմ վերադառնալ, բայց այդ մէկը օրուան պայմաններէն կախեալ է:
Նարեկ Հարֆուշեան-Գէորգ Փանոսեան 
ՕՕՕ
-Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր այս վիճակը: Ե՞րբ պիտի վերադառնան մեր երիտասարդները: Ի՞նչ կ’ըսես, կը վերադառնա՞ն:
 -Չեմ խորհիր: Ո՞վ ըսաւ որ պիտի վերադառնան:
-Ինծի համար մեծ ցաւ է, որ բոլոր երիտասարդները կ’ուզեն ճամբորդել:
 -Այո՛: Ստիպուած են: Կ’ուզեն մեկնիլ կա՛մ զինուորութեան հարցով, կամ ալ ուսանելու համար:
-Քեսապ երիտասարդ չմնաց: Եթէ այսպէս շարունակուի՝ հոս մարդ չի մնար:
-Իրաւունք ունիս: Թիւերնիս շատ նուազած է:
-Ես կը կարծեմ այնքան ալ ճիշդ չէ մեկնիլը:
-Երիտասարդ թէ մեծ բոլորն ալ կը խորհին, որ դուրսի կեանքը շատ լաւ է: Շատ դիւրութիւններ կան: Հոս ալ ամէն բան դժուարացած է:
-Այդքան ալ չէ: Դուրսի կեանքը՝ կեանք չէ: Երբ դուրս ելլես, օտարութեան մէջ բանուոր ըլլաս ուրիշին ձեռքին տակ, միայն այն ատեն կը հասկնաս, թէ այստեղի կեանքը ինչքա՜ն լաւ է:
-Ա՜խ, ինչ ըսեմ: Հայրենի հողին եւ պապենական տան պէս տեղ մըն ալ չես գտներ: Ուր ալ երթաս՝ աշխարհի վրայ հարազատ տեղ չկայ հայրենի հողին պէս:
-Երանի այս մէկը գիտնան մեր երիտասարդները, երանի՜:
 -Թող երթան, բայց վերադառնալու մտքով թող երթան: Կ’երթան, դէպի ետեւ չեն նայիր: -Անցեալները Քեսապի գիրքը կը կարդայի, ժամանակին, 1915-էն առաջ բնակչութեան թիւը 6000-ի եղած է: Վեց հազար հայ, իսկ հիմա, ա՜խ, 1000 հայ իսկ չէ մնացած: Երթալով ալ դեռ կը պակսի:
-Եւ մեր գեղեցիկ գիւղին մէջ օտարներ կու գան բնակելու:
-Այսպէս եթէ շարունակուի՝ մինչեւ ո՞ւր կը հասնինք:
-Մինչեւ ո՛ւր: Ո՞վ գիտէ:
Ժոզէֆ Արամեան
Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի
ԺԲ. կարգի աշակերտներ