Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, Բերիոյ Հայոց Թեմի ծովափնեայ շրջանի հայութիւնը տօնական օրեր կÿապրի: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը հանդիսապետէ տեղի ունեցող արարողութիւնները եւ տօնախմբութիւնները: Ստորեւ, ժամանակագրական ձեւով կը ներկայացուի Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի Թարթուս ու Լաթաքիա հովուական անդրանիկ այցելութեան նկարագրականը:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԹԱՐԹՈՒՍ ԺԱՄԱՆԵՑ
Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան յատուկ պատուիրակութեամբ ժամանեց Թարթուս։ Սրբազան հօր ընկերակցեցան Ազգ. Վարչութեան ժողովի անդամներ ատենապետ Յարութ Քիլիսլեան, ատենադպիր Հուրի Ապահունի-Պօշկէզէնեան եւ Կրօնական ժողովի անդամ Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ շրջանի Հայ Կեդրոնին մէջ, Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Աւետիս Կարպուշեանի, Թարթուսի Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Տրդատ Քէշիշեանի եւ մնացեալ անդամներուն կողմէ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԹԱՐԹՈՒՍ
Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Թարթուսի Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Մար Տանիէլ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։ Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան։ Ներկայ էին Հալէպէն ժամանած Ազգ. Վարչութեան պատուիրակութիւնը, Թարթուսի եւ Լաթաքիոյ հաւատացեալները։ Յընթացս Ս. Պատարագին, սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ապա եկեղեցւոյ ներքնասրահը տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաք։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԱԹԱՔԻԱ
Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր շքախումբով ժամանեց Լաթաքիա։
Սրբազան հայրը երեկոյեան այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կեդրոն, ուր բարի գալուստի խօսք արտասանեց միութեան ատենապետ բժ. Նիկոլ Մատանի։ Ան ՀԲԸՄ մեծ ընտանիքին անունով ի սրտէ ողջունեց սրբազան հօր օրհնաբեր գալուստը, ապա միութեան գործունէութեան հետ առնչուած ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ եւ սրբազան հօր մաղթեց արեւշատ եւ արգասաբեր տարիներ։
Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Աւարտին, սրբազանը դրուատիքով անդրադարձաւ ելոյթ ունեցողներուն եւ յորդորեց լաւատեսութամբ ապրիլ, որովհետեւ այս օրերուն լաւատեսութիւնը կենսական պահանջք է մասնաւորաբար սուրիահայութեան համար։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՍՕԽ-ի ԿԵԴՐՈՆ
Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, սրբազան հայրն ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը այցելեցին Լաթաքիոյ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի կեդրոն։ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց իր խանդավառող ելոյթով։
«Կարպուշեան» սրահէն ներս ներկացուեցաւ գեղարուեստական հակիրճ յայտագիր։
Ներկայ էին ՍՕԽ-ի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի անդամներ, համակիրներ եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն։
Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի «Նարեկ» Երգչախումբը հայրենասիրական երգերով ազգային վառ ապրումներու արտայայտիչը հանդիսացաւ։ Ասմունքող երիտասարդուհիները, իրենց տպաւորիչ առոգանութեամբ եւ հայատրոփ ոճով մեր մեծանուն բանաստեղծներուն ոգեղէն ներկայութեան խորհրդանիշը դարձան, իսկ Համազգայինի «Գեղարդ» պարախումբը հայկական պարարուեստին հմայքով պարուրեց ներկաներուն հոգին։
Աւարտին, սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց ու ըսաւ. «Մենք մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին վշտակիր եղանք, սակայն աննուաճ կամքով յաղթական դուրս եկանք մեզ շրջապատող մարտահրաւէրներէն։ Յաճախ տագնապի մատնուեցանք։ Անմեղ զոհեր տուինք։ Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց սրբադրոշմ նշանաբանով զինուած՝ խաւարասէրներուն դէմ պայքար մղեցինք։ Արեան վկայութեամբ ցոյց տուինք, թէ հայը ազատատենչ է, քրիստոսասէր եւ հայրենասէր է»։
Ապա սրբազան հայրը Լաթաքիոյ ՍՕԽ «Շուշի» Մասնաճիւղի գրասենեակները շրջագայեցաւ եւ օրհնաբեր խօսքերով խրախուսեց անդամները։ Ժողովասրահէն ներս խորհրդակցական նիստ տեղի ունեցաւ։
ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Լաթաքիոյ ներկայացուցիչ Հուրի Տէիրմէնճեան ափոփ ձեւով խօսեցաւ վարչական դրուածքին եւ տարուած աշխատանքին մասին։
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան Լաթաքիոյ ներկայացուցիչ Նայիրի Կարապետեան իր կարգին, տեղական մասնաճիւղի վարչութեան աշխատանքին մասին ամփոփ զեկոյց մը տուաւ ։
ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիա Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ եղբայր Յարութ Գաբրիէլեան շնորհաւորական խօսքեր ուղղեց սրբազան հօր, որմէ ետք միութեան աշխատանքներուն անդրադարձաւ։
Սրբազան հայրը շահեկան համարեց սրտբաց տեսակցութիւնը եւ բարեյաջող երթ մաղթեց ներկաներուն։
Աւարտին, սրբազանը անգամ մը եւս շեշտեց աննկուն կամքով, հաստատուն հաւատքով, ապագայատեսիլ սեւեռումներով եւ մարդուժ պատրաստելու հեռանկարով գործելուն անհրաժեշտութիւնը։
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Շաբաթ, 17 Նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարան, իսկ երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեանի, ներկայութեամբ ուխտաւոր հաւատացեալներու, տեղի ունեցաւ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն եւ աղօրհնէքի արարողութիւն։
Շաբաթ, 17 Նոյեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր շքախումբով այցելեց Լաթաքիոյ Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Առաջնորդ Աթանասիոս Ֆահտ Եպիսկոպոսին։
Հոգեւոր առաջնորդները շեշտեցին գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ սերտ կապերը ամրապնդելու ակնկալութեամբ։
ԼԱԹԱՔԻՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ 
Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10։00ին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ս. կոյս Մարիամ Աստուածածնի Տաճար Ընծայման տօնին առիթով, հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց։ Պատարագիչն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։ Խորանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան եւ Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան։ Ներկայ էին Թեմիս Ազգային վարչութեան ատենապետն ու ատենադպիրը, եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամները, միութեանց ներկայացուցիչներ, ծովափնեայ շրջաններէն ժամանած հայորդիներ եւ ուխտաւորներու խուռներամ բազմութիւն։ Դպրաց դասի երգեցողութիւնը յատկանշական էր իր նրբերանգ ելեւէջներով եւ մեղեդիաբարբառ առոգանութեամբ։ Յընթացս պատարագին, Աստուածամօր պատկերին օծման արարողակարգը կատարուեցաւ։ Գործին հեղինակն է արուեստագէտ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեանը։ Սաղմոսասացութենէն, յատուկ աղօթք կարդացուելէն եւ շարականի երգեցողութենէն ետք, Սրբազան հայրը սրբալոյս միւռոնով օծեց սրբապատկերը, որ արուեստի իւրայատուկ ոճով պատրաս- տուած էր։ Տիրոջ տան վայելչութեան ծառայող Աստուածամօր պատկերը, բարեպաշտական ապրումներու խորացման պիտի նպաստէր։ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ սրտի անհուն բերկրանքով եւ գոհաբանական խօսքերով զԱստուած մեծարեց, Իր մարդասիրական խնամքին եւ անպատմելի փառքին համար։ Երկնաէջ բարիքներ, որոնք կը բացայայտեն Տիրոջ ներկայութիւնը մարդկային կեանքէն ներս։ Ապա Աստուածամօր ընծայման սրբանուէր յիշատակին մասին անդրադարձաւ, յայտնելով թէ Ս. Կոյս Մարիամին օրինակին հետեւելու է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ։
 Աւարտին, «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։ Նոյն օրը, կէսօրին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը «Գանձասար» սրահէն ներս ճաշկերոյթ կազմակերպեց, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան հօր։ Նորանշանակ թաղական կազմի ատենապետ՝ տիար Վահէ Կարճիկեան, ներկաներուն անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սրբազան հօր, որմէ ետք ասմունքողներ եւ մեներգողներ իրենց ձիրքերով առաւել եւս հաւաքը մտերմիկ դարձուցին։
Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2019-ին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խոհուրդի գրասենեակէն ներս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ, Թարթուսի, Քեսապի, Ղընէմիէի եւ Արամոյի եկեղեցիներու թաղականութեանց հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին Սրբազան հայրը ներկայ մարտահրաւէրները շրջահայեաց կերպով դիմագրաւելը կարեւորեց։ Ծովափնեայ շրջաններու թաղականութեանց ներկայացուցիչները, ամփոփ ձեւով խօսեցան ներկայ իրավիճակին մասին, յայտնելով թէ հակառակ բազմաբնոյթ տագնապներուն՝ ծովեզերեայ շրջանի հայերը յուսադրուած կը շարունակեն ապրիլ։ Անոնք նաեւ իրենց մտահոգութիւնները պարզեցին սրբազան հօր։
Երկուշաբթի,18 Նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբ. Նահատակաց դպրոցի մեծ ընտանիքը, խանդավառ ծափողջոյններով դիմաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Սրբ.եպս.Զօպուեանը։
Աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր։ Սրբազան Հայրը գնահատեց աշակերտները խրախուսելով զանոնք եւ թելադրելով սիրել հայ եկեղեցին եւ դպրոցը, դառնալու համար պատուաբեր հայորդիներ։
Թող Աստուածամօր բարեխօսութեամբ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ Սուրիական Հայրենիքին։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան