Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան եւ Զբօսաշրջութեան նախարար Ռամի Մարթինի այցելեցին Հալէպի վերանորոգուած Ազգային թանգարան։ Անոնք շրջագայեցան թանգարանի բաժիններուն մէջ։ Սոյն այցելութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Զբօսաշրջութեան Հալէպի բաժինի տնօրէնուհին Նայլա Շահուտ եւ Հալէպի Զբօսաշրջութեան գրասենեակի պատասխանատու երկրչ. Թալալ Խտէիր։