https://www.arfd.am/news/20377/«Ազդակ» կը հաղորդէ, որ  Լիբանանի անկախութեան 76-ամեակի տօնակատարութիւնը նախորդ Ուրբաթ օր ստացած է հետաքրքրական բնոյթ մը, երբ Ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներուն կողմէ բացառիկ կազմակերպուածութեամբ կատարուած է ժողովուրդին զանազան հատուածները ներկայացնող տարբեր «ջոկատ»ներու տողանցքը:

Նահատակաց հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութիւնները, որոնք հաստատած են, որ ինքնաբուխ կերպով կ՛ընթանայ ամէն բան, ժամեր շարունակ ներկայ գտնուած են տողանցքին, որ առաջնորդուած է հանգստեան կոչուած լիբանանցի զինուորականներով, եւ ապա շարունակուած է բժիշկներու, իրաւաբաններու, հեծելարշաւի եւ բնապահպաններու, լրագրողներու, անդամալոյծներու, ինչպէս նաեւ կաթսաներու «ջոկատ»ներով:

Ժողովրդային շարժումը իր «ջոկատ»ներուն համար պատրաստած է նաեւ յատուկ դրօշներ:

Երեկոյեան, երբ Կեդրոնական Պէյրութի հրապարակը լեցուն եղած է ցուցարարներով,  ելոյթ ունեցած է «Տի. Ճէյ Ռոճ»ը:

Միւս կողմէ, Ուրբաթ առաւօտեան հրկիզուած է Նահատակաց հրապարակին վրայ զետեղուած «Յեղափոխութեան բռունցք»ը, որ կը խորհրդանշէ ժողովրդային շարժումը: Գիշերուան ձեռնարկին ընթացքին այդ խորհրդանիշը վերականգնուած է, երբ հրապարակ հասած է նոր շինուած եւ աւելի հսկայ բռունցք մը:

Կիրակի առաւօտեան Այն Մրայսէի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ Ժողովրդային շարժումին մասնակցող քաղաքացիները կազմակերպած են «Աղ ու հաց»ի հանդիպումներ:

Ցուցարարները ընդդիմացած են Նաամէի քաղաքապետին կողմէ հանրութեան յատկացուած ծովափը այս կամ այն մեծահարուստին յանձնելու քայլին, որպէսզի ան իր առանձնատունը կառուցէ:

Մինչ Սայտայի մէջ մոթորսիքլեթներու արշաւ մը կատարուած է շրջանի երեսփոխաններուն բնակարաններուն դիմաց, երեկոյեան շուրջ ժամը 5:00-ին, Պըտտաուիէն սկսաւ քայլարշաւ մը` դէպի Թրիփոլիի Նուր հրապարակ:

Նոյն հրապարակին վրայ Թրիփոլիի ցուցարարները կոչեր ուղղած են այսօր փողոցները փակելու եւ անհնազանդութեան արշաւի մը սկսելու:

Ուշ գիշերին մեծաթիւ ցուցարարներ փակած են Ռինկի կամուրջը, Զուքի եւ Անթիլիաս-Ժալ ալ Տիպ մայրուղիները` երկու ուղղութիւններով:

Կէս գիշերէն ետք Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի զօրակիցներ` բողոքելով Ռինկի կամուրջի փակումին դէմ, ցոյցի իջած են եւ փորձած են բանալ ճամբան: Անոնք բախումներ ունեցած են ժողովրդային շարժումի ցուցարարներուն հետ, ինչ որ ապահովական ուժերուն ստիպեց երկու կողմերուն միջեւ պատնէշ կանգնելու: Բախումներու ընթացքին տեղի ունեցած  են ցուցարարներու քարկոծում` Հըզպալլայի եւ Ամալի համակիրներուն կողմէ: