Բարձր կը գնահատեմ բոլոր անոնք, որոնք 35 տարի շարունակ Ուաշինկթընի եւ ամերիկեան քոնկրէսի մէջ աշխատանք տարած են եւ ջանք չեն խնայած քոնկրէսականներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, միջազգային նման հարթակներէ հնչեցնելու այն իրողութիւնը, որ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի աւարտին հայ ժողովուրդը ցեղա-սպանութեան ենթարկուեցաւ, ոչ թէ ցեղասպան կողմին յայտարարութիւններուն համաձայն, պատերազմի բերումով սովորական վնասներ կրելով տարտղնուեցաւ:
ԱՄՆ-ի քոնկրէսը այս որոշումը տարիներու վերիվայրումներէ ետք միայն յաջողեցաւ գոյացնել: Ճշմարտութիւնը կրնայ ապականիլ, քօղար-կուիլ, սակայն չի մեռնիր: 35 տարի վերջ գոյացաւ 296 թուակիր բանաձեւը, որ կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ զայն ամերիկեան կըրթական ծրագիրներուն մէջ ներառելու կոչ կþուղղէր ԱՄՆ Ծերակոյտին:
Այս որոշումը եկաւ հաստատելու, որ ոճիր գործող իւրաքանչիւր կողմ, ուշ կամ կանուխ, իր պատիժը պիտի կրէ, իսկ ոճիրին հետեւանքը կրողին արդար իրաւունքն է առնուազն արդարութեան ձայնը լսելն ու պայքարը քայլ առ քայլ, նպատակաուղուած կերպով յառաջ տանելը:
ԱՄՆ-ի քոնկրէսի պալատին հրապարակած որոշումէն ետք պատկերասփիւռային կայաններուն, թերթերուն եւ հասարակական ցանցերուն առաջին էջերը գրաւեցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին եւ արտաքին գործոց նախարարին սուր եւ անհաւասարակշռուած արտայայտութիւնները: Էրտողան չկրցաւ իր յետադիմական մօտեցումը քօղարկել: Ան երկու տարբեր առիթներով ճար արտասանած պահուն, առիթը գտաւ արհամարհելու քոնկրէսի որոշումը ըսելով. «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ քոնկրէսի որոշումը որեւէ արժէք չի ներկայացներ: Մենք մեր կարգին այս որոշումը չենք ճանչնար: Ան պատմաբաններն ու անցեալով զբաղողները կը հետաքրքրէ միայն»:
Ան որ հետեւեցաւ էրտողանի զոյգ յայտարարութիւններուն անկասկած նկատեց անոր ջղային դէմքն ու անզուսպ արտայայտութիւնները, որոնց ներքեւ սպառնալիքն ու զայրոյթը կը ցոլային:
Ոմանք, այդ պահուն, զինք նմանցուցին դատարանի մէջ կանգնած ամբաստանեալի մը, որ իրեն դէմ արձակուած դատավճիռը լսելով յանկարծակիօրէն բարձրախօսը կը վերցնէ ու կը սկսի անարգել դատաւորը, հայհոյանք ուղղել ներկաներուն, զիրենք անարդար եւ կողմնակալ համարելով:
Ատրպէյճան եւս Թուրքիոյ ընթացքը ունեցաւ եւ նոյն կեցուածքը որդեգրեց:
Նման երեւոյթներ մեզ կը մղեն հետեւեալ հարցադրումը ուղղելու միջազգային ընտանիքին՝ ինչպէ՞ս կարելի է մտածել Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ անոնց կողմէ շրջափակուած Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան հաստատման մասին, առաջիններուն յարձակողական քաղաքականութիւնն ու թշնամական վերաբերմունքը նկատի ունենալով:
Առաջին երկու երկիրներու իշխանութիւններուն մէջ քաղաքական հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու քաղաքակիրթ ընտրանիի բացակայութեան, բարի օրինակ կրնան ծառայել Գերմանիան եւ Ճափոնը, որոնք հաշտ հոգիով առերեսուեցան իրենց պատմութեան հետ եւ վնասներ կրող կողմին ներողամտութիւն յայտնելու յանդգնութիւնը ունեցան:
Պարտաւոր ենք յիշեցնել, որ մենք որպէս անկախ ժողովուրդ կը հաւատանք սահմանակից պետութիւններու հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններու: Մեր ժողովուրդի զաւակները միջազգային հաստատութիւններու, խորհրդարաններու եւ կազմակերպութիւններու կը դիմեն իրենց դատը հետապնդելու, արդարութիւնը վերականգնելու համար, յատկապէս երբ այդ շրջանակներուն մէջ Հայ Դատին լուծումը խոչընդոտելու թուրք-ազե-րիական ճիգերը կը շօշափեն:
Թուրքիան պէտք է դադրի 1915-ին Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ ի գործ դրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող կողմերը հետապնդելէ եւ ցեղասպանութեան ենթարկուող ժողովուրդներուն պաշտպան կողմերը լուտանքներու ենթարկելէ:
Կը հաւատամ, որ մեր դատին ի նպաստ ձեռքբերումները խթան կը հանդիսանան՝ նորովի թափով շարունակելու մեր պահանջատիրական պայքարը:
Կիրակոս Գոյումճեան
«Ալ Ճարիտէ», Քուէյթ