Ուսումնակրթական յաջող գործընթացը կախեալ է նախ ուսուցիչէն, որ ոչ միայն համապատասխան գիտելիք պէտք է ունենայ, այլեւ՝ հոգեբան ըլլայ։ Ուսուցիչ ըսելով կը հասկնանք դասաւանդող ու գնահատական նշանակող անձ, որ իրականութեան մէջ միայն այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Ցաւ ի սիրտ մեր ուսուցիչներուն մեծամասնութիւնը այդպէս է։
Ուսումնական որեւէ ծրագիր ձախողութեան կը դատապարտուի, եթէ ուսուցիչը զայն կիրառելու ընթացքին չ’օգտագործեր մանկավարժական ու հոգեբանական միջոցներ, որոնք կը խթանեն ուսման հանդէպ աշակերտին հետաքրքրութիւնը։ Ներկայ ուսուցիչէն կը պահանջուի ոչ միայն հետաքրքրութիւն յառաջացնել տուեալ ուսումնական նիւթին նկատմամբ, այլեւ՝ ինքնուրոյն գիտելիքներ ձեռք բերելու, ուսումնասիրելու եւ եզրակացութիւններ կատարելու, խնդիրներ լուծելու, վերլուծելու մղել աշակերտը։
Ուսուցչութիւնը նուիրական ասպարէզ է: Ուսուցիչը լծուած է ազգի մը ապագայ սերունդի պատրաստութեան վեհ աշխատանքին։
Իւրաքանչիւր ուսուցիչ յաջողակ ըլլալու համար նախ պիտի սիրէ իր մասնագիտութիւնը, իմանայ մանուկներուն հոգեբանութիւնը, հետաքրքրուի անոնց ներաշխարհով, բացայայտէ ու յառաջ մղէ անոնց անհատական ունակութիւնները։ Յարգանք սորվեցնելու համար ի՛նք յարգէ աշակերտին անհատականութիւնը, եւ ինչպէս բարձր կը պահէ իր արժանապատուութիւնը, այնպէս պահպանէ ու չվիրաւորէ աշակերտին արժանապատուութիւնը։
Այսօրուան աշակերտը կը գիտակցի, թէ ուսուցիչը ինչպիսի՛ իրաւունքներ կը վայելէ: Այդ գիտնալով մէկտեղ կը փափաքի, որ ուսուցիչը իր բարեկամը դառնայ։ Այստեղ ի յայտ կու գայ ճկունութիւնը ուսուցիչին, որ ըլլալով աշակերտին բարեկամը, թոյլ չի տար որ խախտին փոխադարձ յարգանքի սահմանները։
Կրթադաստիարակչական գործընթացին մէջ ուսուցիչը ե՛ւ դասաւանդող է, ե՛ւ աջակցող, ե՛ւ ուղղորդող է, աշակերտներու իրաւունքներուն պաշտպան, ե՛ւ գործակցող, ե՛ւ ընկեր, ե՛ւ խորհրդատու։
Ուսուցիչին եւ աշակերտին գործակցութիւնը նշանակալից դեր ունի: Ուսուցիչը կ’օգնէ աշակերտին ֆիզիքական, ընկերային, յուզական, ճանաչողական եւ անհատական առանձնայատկութիւններու զարգացման։ Արդիւնաւէտ ազդեցութիւն ունենալով աշակերտին վրայ, ան կը խթանէ աշակերտին դրական յատկանիշներուն յայտնաբերումը, անոր ուսուցումն ու զարգացումը՝ զայն դարձնելով ինքնավստահ ու աշխատասէր։
Ուսուցչութիւնը կարելի է համարել ամենադժուար ասպարէզներէն մէկը։ Եթէ ուսուցիչը պարզապէս մուտք կը գործէ այս ասպարէզը նիւթական ակնկալիքի համար, դժբախտաբար սխալ ընտրութիւն կը կատարէ։ Ուսուցիչին աշխատանքէն կախեալ է որեւէ երկրի ապագան։ Հետեւաբար եթէ ուսուցիչը մանկավարժական մօտեցում չունի աշակերտին նկատմամբ, նախընտրելի է որ փոխէ իր աշխատանքի ասպարէզը։
Պէթի Քիլէրճեան