Կեանքի դասերը բազում են եւ տեսակաւոր, շատեր ուշադրութիւն կը դարձնեն անոնց, կը սորվին ու կ’օգտուին անոնցմէ, մինչ ուրիշներ անտարբերութեամբ կ’անտեսեն ու կ’անգիտանան զանոնք, զրկուելով անհատնում բարիքներէ, վարակիչ դրական օրինակներէ եւ գործնական յորդորներէ։
Կեանքը կ’ուսուցանէ՝ թէ մարդկային բնութիւնը բացարձակ չարիքէ կազմաւորուած չէ անպայման, ոչ ալ բացարձակ բարիքէ, այլ համատեղութիւնն է այդ երկուքին։ Մարդկային բնութեան մէջ տիրապետող է մերթ չարիքը եւ մերթ բարիքը։ Մեր առօրեայի ընթացքին երբեմն կը հանդիպինք բիւրեղ, մաքրամաքուր եւ ազնիւ բնաւորութեան տէր այնպիսի անձնաւորութիւններու, որոնք կարծէք որեւէ թերութենէ զերծ ըլլան, իսկ այլ պարագայի՝ դէմ յանդիման կը յայտնուինք այնպիսի դաժան մարդու՝ որ կը թուի չարիքի մարմնաւորումը ըլլալ, վատութեան աղբիւրը։
Այսպէս՝ մարդկային ինքնութիւնը կը հանդիսանայ ապաստանարան թէ՛ բարեգործութեան եւ թէ չարագործութիւններու, թէ՛ լաւին եւ թէ գէշին։
Հապճեպով եւ մակերեսայնութեամբ կատարուած նման գնահատականներ առհասարակ կը մնան վիճարկելի եւ վերատեսելի, որովհետեւ յաճախ դատապարտուած եւ մեղաւոր համարուած վտանգաւոր մահկանացուներ, իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ներողամտութեան, հոգածու եւ գորովալիր վերաբերումին իբրեւ հետեւանք, կարգի եկած են եւ դարձած բոլորովին նոր մարդիկ՝ օրինակելի եւ նախանձելի բարոյականութեամբ անձնաւորութիւններ։
Անշուշտ հակառակը եւս բացառուած չէ՝ երբ մեր անարդար, անարգական եւ բիրտ վարմունքով առաքինի ու հեզահամբոյր մարդը կը վերածենք վայրագ, անգութ եւ քինախնդիր արարածի, նոյնիսկ՝ ոճրագործի…։
Կեանքը կը խրատէ մեզ չըլլալ չափազանց պահանջկոտ, անիրագործելի ցանկութիւններով եւ երազներով չօրօրուիլ, մեր ամենամերձաւորներէն ու ամենահարազատներէն անգամ մեծ բան չսպասել, որպէսզի երբ մեր ակնկալութեանց հակառակը դիմակալենք՝ չցնցուինք, չհիասթափինք… քանզի՝ երբ արթնութեամբ եւ իրատեսօրէն կը գնահատենք հարցերը, կարելի եւ շահեկան առաջադրանքներով հանդէս կու գանք… անպայման կը հասնինք մեր նպատակին, հեռու կը մնանք ձախողութիւններէ, ընկրկումներէ եւ յուսախաբութիւններէ։
Կեանքը կ’ապացուցէ, որ հաւատարմութիւնը՝ թէեւ տեղատուող եւ հազուադէպ, սակայն ցարդ ամենեւին բացակայ չէ մեր կեանքէն։ Հաւատարմութիւնը յանձնառութիւն եւ նուիրում կ’ենթադրէ, իսկ մարդկային ինքնութիւնը տակաւ կը պարպուի, կը սնանկանայ՝ մերժելով ստանձնել որեւէ լուրջ պատասխանատուութիւն կամ զոհողութիւն։ Ճշմարտացիութիւնն ու անկեղծութիւնը կը նահանջեն ամէնուրեք։
Կեանքը կը յորդորէ մարդուս ըլլալ չափաւոր, ժուժկալ եւ հաւասարակշիռ՝ որեւէ խնդրի արծարծման կամ կարգաւորման պարագային ընտրելով ոսկի միջինը, այսուհանդերձ՝ մարդիկ իրենց հակազդեցութիւններու ընթացքին ընդհանրապէս կը վարուին ջղագրգռութեամբ եւ ծայրայեղութեամբ… մինչդեռ՝ խոհեմ, շրջահայեաց մահկանացուներ կը գործեն բանականութեամբ եւ զսպուածութեամբ, կը սանձեն իրենց պոռթկումները եւ թոյլ չեն տար որ սեփական սանձարձակ զեղումներ կամ կանխատրամադրութիւններ հակակշռէ դուրս բերեն զիրենք եւ անբաղձալի եզրակացութիւններու առաջնորդեն։
Կեանքը կը վկայէ որ անցեալի շեղումներու եւ բացթողումներու նկատմամբ զղջումը, ափսոսանքը ոչինչ կը փոխէ կացութենէն, ստացուած արդիւնքէն։ Սակայն երբ ստրջանքին կ’ընկերանան զգաստացումը, ստեղծուած անբարենպաստ իրավիճակի խորասոյզ սերտողութիւնն ու վերլուծութիւնը, ապա նաեւ թերիներու վերանայումը… անտարակոյս դրական արդիւնքի պիտի եզրայանգինք եւ ամէն գնով պիտի խուսափինք ապագային նոյն սխալները կրկնելէ, նոյն որոգայթին մէջ ներքաշուելէն։
Կեանքը կը հաստատէ նաեւ, որ տարողունակ ու հեռանկարային կարծուած ծրագիրներ, յոյսեր եւ երազներ երբ իրականանան, զարմանալիօրէն կը կորսնցնեն իրենց հմայքն ու կշիռը, կը վերագտնեն իրենց բնական ծաւալը եւ կը դասուին սովորական նուաճումներու շարքին։
Կեանքը կը թելադրէ մարդուն միշտ ըլլալ ինքզինք, ամէնուրեք ներկայանալ սեփական հարազատ պատկերով, առանց արհեստականութեան, որովհետեւ շատ չանցած պիտի բացայայտուին իր իսկական դիմագիծը, իր իրաւ բնաւորութիւնն ու նկարագիրը։ Քիչ չէ թիւը այն մահկանացուներուն, որոնք առիթ չեն փախցներ յոխորտալու իրենց խիզախութեամբ, արդարամտութեամբ եւ պարկեշտութեամբ, ամէն քայլափոխի ճարելու գիտականութենէ եւ առարկայականութենէ, մինչ անոնք իրողապէս փարսախներով հեռու են այդ բարեմասնութիւններէն կամ առանձնայատկութիւններէն։
Հարազատօրէն արտայայտուած ամենաաննշան, բայց ազնիւ խօսքն անգամ շատ աւելի կ’արժէ քան՝ անհաշիւօրէն շռայլուած կեղծ ներբողներ, պատիր փառաբանութիւններ…։
Կեանքը կը հաւաստէ, թէ ինքզինք յարգելը, մնայուն արժէքներու կառչած մնալը, մանաւանդ՝ աժան եւ անցողիկ շահեր հետապնդելէ խուսափիլը կը բարձրացնեն վարկանիշդ մերձաւորներու թէ հեռաւորներու աչքին, բարեկամներու թէ թշնամիներու մօտ։
Կեանքը կը փաստէ, թէ ճշմարիտ եւ անխարդախ խօսքը անարգել ճամբայ կը գտնէ դէպի մարդոց սրտեր, ամենայն հեշտութեամբ կը նուաճէ մահկանացուներու հոգիներ։ Լեզուն սոսկ արտայայտամիջոց չէ, այլ մշակոյթի, քաղաքակրթութեան եւ մարդկային հոգեմտաւոր յարաբերակցութեան վիթխարի պարունակ մը, որ շատ աւելին է քան որեւէ այլ հաղորդամիջոց։
Խօսքի եւ գործի միջեւ անջրպետը առհասարակ եղած է հեռաւոր, դժուարահաս եւ հազուադէպօրէն կամրջելի։
Իսկ կեանքէն քաղուած մեծագոյն դասը կը մնայ այն, որ յաճախ կը սթափինք մեր թմբիրէն կամ օրախնդիրներու հոսանքին մեր անձնատուութենէն, անդրադառնալու համար, թէ ցարդ ոչինչ սորված ենք ու մանաւանդ ոչինչ փոխած՝ մեր ընթացքէն։
Անհրաժեշտ է ուրեմն՝ զօրակոչել, վերամփոփել ու վերադասաւորել մեր ուժերը, վերատեսել մեր վարքագիծը, ապա վերստին վերամեկնարկել մեր գործնական եւ իրական ուսումնառութիւնը։
Կեանքը մեծ ու օրինակելի ուսուցիչ է, բայց կամաւոր եւ որակեալ ուսանողներ կը մնան հազուագիւտ։
Խաչիկ Շահինեան