«Ապառաժ».-29 Նոյեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հանդիպած է Մարտունի շրջանի Հերհեր գիւղի բնակիչներուն հետ:

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ, ԱՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան եւ պատգամաւոր Ալեօշա Գաբրիէլեան անդրադարձած են Ազգային ժողովի եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան կողմէ իրագործուած ծրագիրներուն, երկրի տնտեսական զարգացման ու անվտանգութեան հարցերուն:

Արմէն Սարգսեան յայտնած է, որ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին մէջ ընդունուած օրէնքներէն «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը դէմ  քուէարկած է ռազմավարական, մասնաւորապէս` «Հողային օրէնսգիրքի լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին», «Ընդերքի մասին ԼՂՀ օրէնսգիրքի փոփոխութիւն կատարելու մասին», եւ Արցախի նոր Սահմանադրութեան, «Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» Արցախի օրէնքներուն:

Անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան, «ԱՀ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնքներուն` խմբակցութեան ղեկավարը դիտել տուած է, որ մենք պէտք է ունենանք խորհրդարանական երկիր, որպէսզի ժողովուրդը ոչ միայն ընտրէ, այլեւ ընտրութենէն յետոյ պետութեան կառավարման գործընթացին մասնակցելու առիթ ունենայ:

 

Պատգամաւորը կարեւոր համարած  է երկրի համաչափ զարգացումը: Ընդգծուած է, որ գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան զարգացումը մշտապէս եղած է ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ուշադրութեան կեդրոնը:

ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան խօսած է անվտանգութեան առնչուող արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հարցերուն խմբակցութեան դերակատարութեան եւ բանակաշինութեան զարգացման գործին մէջ իրենց կողմէն իրականացուող օժանդակութիւններուն մասին:

Հանդիպումին մասնակիցները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են գիւղատնտեսական մթերքի, խմելու եւ ոռոգովի ջուրի, հողային բարեկարգումի, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու իրաւասութիւններու, երիտասարդ ընտանիքներուն բնակարան ապահովելու հարցերու մասին:

Պատգամաւորները խոստացած են արծարծուած հարցերը ներկայացնել ԱԺ քննարկումին եւ կարելիութեան սահմաններու մէջ լուծումներ տալ անոնց:

Յասմիկ Յակոբեան