Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասէն` Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան աւագութեան կարգ ստացաւ:

Արարողութեան հանդիսապետեց Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:

Նախքան քարոզը Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խորանէն հանգամանօրէն ընթերցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին սբբատառ կոնդակը, որուն ճամբով Նորին Սրբութիւնը Նարեկ Քհնյ. Զերենցեանին շնորհեց աւագութեան կարգ: Հաւատացեալներ յոտնկայս ունկնդրեցին կարդացուած Հայրապետական կոնդակը: Հոգեպարար հանդիպումը ուրախալի էր եւ հպարտառիթ:

Սրբազան Հայրը իր պատգամին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներուն քարոզչական ծառայութիւնը, որոնք սիրով յանձն առին հալածանքն ու նահատակութիւնը` ի խնդիր Աւետարանի տարածման: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ զոյգ առաքեալները իրենց կոչումին նկատմամբ հաւատարիմ մնացին, փրկութիւն աւետեցին, խիզախ կեցուածքով Քրիստոսի մասին վկայեցին եւ յաղթական երթով հանդիսացան հաւատքի ախոյեանն ու պարծանքը եկեղեցւոյ: Ահա թէ ինչո’ւ անոնք կոչուեցան մեր առաջին Լուսաւորիչները: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ աւագութեան տիտղոս ստացող Նարեկ Քհնյ. Զերենցեանի հոգեւոր ծառայութեան վաստակին, որով ան հաւատարիմ մնաց Հայ եկեղեցւոյ։ Սրբազան հայրը ի սրտէ շնորհաւորեց Նարեկ քահանան, ապա հայցեց ամենակալէն որ Իր մարդասիրական խնամքին ներքեւ պահէ Թեմիս հոգեւորականաց դասը:

Յաւարտ Ս. Պատարագին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք, սրբազան հօր գլխաւորութեամբ “Սուրէնեան” դահլիճէն ներս Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեանը ընդունեց շնորհաւորանքներ:

Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցականներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին անունով Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեանին կը մաղթենք արեւշատութիւն եւ ընդ երկար ծառայութիւն Հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս: