Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ին, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ թրքական ուժերուն պատկանող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներ արձակած են Թալ Ռաֆաաթի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով արձանագրուած են 9 զոհեր եւ աւելի քան 10 վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ:
Աղբիւրը աւելցուց, որ հրթիռակոծումը տեղի ունեցած է աշակերտներուն դպրոցէն արձակուած պահուն: