Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2019-ին, ՄԱԿ-ը ձայներու մեծամասնութեամբ վերահաստատեց Իսրայէլի սուրիական Կոլանի ողջ տարածքէն դուրս գալու եւ ՄԱԿ-ի 4 Յուլիս 1967-ին ճշդած սահմանային գիծ վերադառնալու իր պահանջը:
Կազմակերպութեան անդամները խստիւ դատապարտեցին Իսրայէլի կողմէ Կոլանի բռնագրաւումը, շեշտելով, որ միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն համաձայն, ոչ մէկ երկիր իրաւունք ունի բռնի ուժով այլ երկրի մը տարածքը գրաւելու:
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ փոխներկայացուցիչ Այման Ֆելլուհ հաստատեց Սուրիոյ գերիշխանութեան իրաւունքը սուրիական Կոլանի 4 Յուլիս 1967-ին ճշդուած տարածքին վրայ, իրաւունք մը, որ սակարկութեան ենթակայ չէ: