Դեկտեմբերի սկիզբը Պաքուի մէջ տեղի ունեցող TRACECA ծրագիրի նիստին մասնակցելու համար ՀՀ վարչապետի որոշումով կը մասնակցէր նաեւ հայկական պատուիրակութիւն մը: Պաքուն, ուր կը գտնուի TRACECA-յի գլխաւոր քարտուղարութիւնը, երկար տարիներ կը յորջորջէ, որ նախագիծէն ներս իրականացուող քայլերով Իրանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջոցով պիտի մեկուսացնէ Հայաստանը, ուստի անկէ խուսափելու համար Հայաստանը պէտք է «զօրքերը դուրս բերէ բռնագրաւուած տարածքներէն»: Ատրպէյճանի այդպիսի դիրքորոշման պարագային աւելի քան տարօրինակ էր հայկական պատուիրակութեան ներկայութիւնը Պաքուի մէջ:
Հայ եւ ատրպէյճանցի լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւնները անցան առանց դէպքերու, որովհետեւ կ’իրականացուէր ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրչիքի հովանիին ներքեւ, իսկ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պարտաւորուած էին ապահովել լրագրողներուն անվտանգութիւնը, ապա TRACECA-ի նիստին մասնակցելու ընթացքին միջադէպերէն խուսափելու համար ոչ մէկ երաշխիք կար: Եւ ինչպէս, որ կ’ենթադրուէր, նմանատիպ անախորժ դէպքեր տեղի ունեցան:
Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարարը Միքայիլ Ճապպարովը հայ պատուիրակութեան «հրաւիրած» էր այսպէս կոչուած «շեհիտների պուրակ» եւ երկրի նախկին նախագահ Հայտարար Ալիեւի կեդրոն, ուր, ըստ մեր հեքիաթասաց արեւելեան հարեւաններուն, տեղի ունեցած էր «ցուցահանդէս` նուիրուած Իրեւանի պատմութեան ու իմանալ նոր տեղեկութիւններու Իրեւանեան խանութեան ու անոր հիմնադրման մասին»:
Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Արմէն Սիմոնեան, որ նոյնպէս Պաքուի մէջ էր, յայտարարած էր, որ պէտք է խուսափիլ այս հարթակի քաղաքականացումէն:
Հայ փոխնախարարը անընդունելի համարեց նման հարթակներու օգտագործումը` ազգայնական, վիճելի պատմուածքներու համար եւ աւելցուց, որ միջկառավարական յանձնաժողովի 13-րդ նիստի մասնակիցներու ծրագիրը Երեւանի մէջ անցեալ տարի չէր պարունակեր քաղաքական ենթահող, եւ կարծիք յայտնեց, որ ատրպէյճանցիները հաւանաբար գիտեն թէ ինչ պատմական փորձութիւններու միջոցով հայերը ստիպուեր են անցնիլ:
Ճապպարով յայտարարած էր, որ Հայտար Ալիեւի կեդրոն այցելութեան պատճառը TRACECA նախագիծը կարելի դարձնել էր: