-Չո­րեք­շաբ­թի, 11 Դեկ­տեմ­բեր 2019-ին, ՍԱ­ՆԱ հա­ղոր­դեց, որ Աս­թա­նա­յի հո­վա­նա­ւոր պե­տու­թիւն­նե­րը՝ Ռուս­իա, Իրան եւ Թուր-ք­իա Ղա­զախս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Նուր­սուլ­թա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Աս­թա­նա­յի 14-րդ նիս­տի աւար­տին հան­դէս եկած են հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ, որուն մէջ վե­րա­հաս­տա­տած են Սուր­իոյ ինք­նիշ­խա­նու­թեան եւ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման եւ ՄԱԿ-ի սկզ­բունք­նե­րը յար­գե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը, մին­չեւ Սու-   ր­իոյ ամ­բող­ջա­կան ազա­տագ­րու­մը եւ զին­եալ ահա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն ոչն­չա­ցու­մը:
Երեք պե­տու­թիւն­նե­րը կտ­րա­կա­նա­պէս մեր­ժած են սուր­ի­ա­կան քա­րիւ­ղի դաշ­տե­րուն ապօ­րի­նի բռ­նագ­րա­ւու­մը եւ շեշ­տած են, որ անոնք ուշ կամ կա­նուխ պէտք է Սուր­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան վե­րահս­կո­ղու­թեան անց­նին:
Անոնք խս­տիւ դա­տա­պար­տած են սուր­ի­ա­կան հո­ղե­րուն վրայ իս­րա­յէլ­եան իրա­րա­յա­ջորդ յար­ձա­կում­նե­րը, որոնք կը խախ­տեն մի­ջազ­գա­յին ու մարդ­կա­յին օրէնք­նե­րը եւ ողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նը վտան­գի կ’են­թար­կեն:
Աւար­տին անոնք հա­մա­ձայ­նած են յա­ռա­ջի­կայ նիս­տը գու­մա­րել Մարտ 2020-ին: