Այսօր, աւելի քան դար մը ետք, երբ կը կարդանք դատափետուած «Ո՜վ Լալագէ»-ն, հոն Հռոմի հեթանոսական կեանքին շա՛տ յաջող պատկերացումն է որ կը տեսնենք պարզապէս, այնքա՜ն պերճափայլ, գեղաքանդակ ու հարուստ լեզուով մը ուրուագծուած։

   Շիրվանզադէ եւ միւսները չէին ըմբռնած տուեալ բանաստեղծութեան ՈԳԻՆ։ Լալագէն, որ բանաստեղծական մշակումով մը կը ներկայացուի իբրեւ հեղինակին կինը, խորքին մէջ՝ հռոմէական հեթանոսական շրջանի տիպար մըն է։ Վարուժան իր անձը կը խառնէ կամ կը զուգորդէ անոր՝ երեւակայականօրէն, ինքզինք կը վերածէ հին դարերու բնիկի մը՝ պարզապէս մե՛ր դարուն մէջ վերապրեցնելու համար հի՜ն հեթանոսական կեանքի դրուագ մը։

   Անշուշտ, շրջանի մտաւորականներէն ոմանք պաշտպանեցին Վարուժանը։

   Զորօրինակ, Պոլսոյ «Շանթ» կիսամսեայ հանդէսին խմբագիրը՝ Մերուժան Պարսամեան, բնաւ համամիտ չէր Շիրվանզադէին։ Ըստ իրեն՝ «Շիրվանզադէ նշանաւոր թատերագիր է, բայց բանաստեղծական հասկացողութենէ բացարձակապէս զուրկ կը թուի»։ Իր թերթին 1912-ի Օգոստոսի Ա. թիւով՝ ան հարց կու տար թէ միթէ յանցաւո՞ր էր Վարուժան, երբ կը նկարագրէր Հռոմի հեթանոսական կեանքը, ու մենք գիտենք՝ որ այդ կեանքը բաց էր…։ Պարսամեան կը թելադրէր Շիրվանզադէին կարդալ նոյն այդ դարերու լատին նշանաւոր իրապաշտ բանաստեղծը՝ Գաթիւլը (Ն.Ք. առաջին դար), համոզուելու համար թէ «Վարուժան տակաւին շատ մեղմ, շատ քողարկուած ներկայացուցած է հեթանոսական կեանքի պատկերները եւ բարոյական հասկացողութիւնը»։

   –Եթէ առնենք նոյնիսկ Շիրվանզադէի թատերախաղերուն ախտաւոր տիպարները, անոնք աւելի՛ անբարոյական են եւ աւելի՛ անասնական, քան Վարուժանի մերկ կիները,– կ’եզրափակէր Մ. Պարսամեան։

   Վարուժանի նեցուկ կանգնեցաւ նաեւ, աւելի ուշ, մեծանուն Յակոբ Օշական, որուն համար եւս՝ Շիրվանզադէ ո՛չ միայն իմացական բոպիկութենէ կը տառապէր, այլեւ՝ «բանաստեղծական զգայնութենէ հիմնովին ժառանգազուրկ» էր…(«Համապատկեր»

   Տասնամեակներ յետոյ, Պարոյր Սեւակն իսկ իր հիացումը պիտի արտայայտէր այս նոյն բանաստեղծութեան հանդէպ, գրելով.«Բանաստեղծական յօրինուածքի ներդաշնակութեան, յղացման օրիժինալութեան եւ պատկերման հոգեյոյզ խորութեան տեսակէտից՝ մի իսկական գլուխ-գործոց է, անխառն ներշնչանքով ծնուած» (Պ.Ս., «Երկերի ժողովածու», հատոր 6, Երեւան, 1976)։

   Բայց կը թուի թէ Վարուժան խո՛րապէս վիրաւորուեցաւ ու ազդուեցաւ իր վրայ կատարուած ապիրատ յարձակումներէն։ Կը տարուիմ այսպէս մտածել, որովհետեւ կը նշմարեմ որ ան որոշ փոփոխութիւններ կամ սղումներ կատարեր է «Գեղարուեստ» հանդէսին մէջ երեւցած «Ո՜վ Լալագէ»-ի մայր բնագրին վրայ՝ «Հեթանոս երգեր» հատորին մէջ զայն մուծելէ առաջ։ Զորօրինակ, վերեւ յիշատակուած

«Ու ցանկացայ արեգակին, հողին պէս

Բեղմնաւորել ինձ մերձեցող ամէ՛ն հունտ»

երկտողին «բեղմնաւորել» բայը փոխարինած է «ուռճացնել» բայով…։ Կամ՝ բնագրին մէջէն լրիւ պոկած ու հեռացուցած է Լալագէին ուղղեալ «Ու բացի դեռ քեզմէ՝ տռիփով ողողել այգիին մէջ քրտնող գերուհիները բոլոր» մերկապարանոց մտածումը…

   ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ

   «Հեթանոս Երգեր»ը, որ Վարուժանի երրորդ քերթողագիրքն էր, լոյս տեսաւ 1913-ին, Պոլիս, ռուսաստանաբնակ գրասէր հայորդիի մը՝ Յովհաննէս Պալեանի, մեկենասութեամբ։ Ժողովածուն կը պարունակէր յիսուն բանաստեղծութիւն, որոնցմէ մին՝ աղմկայարոյց «Ո՜վ Լալագէ»-ն էր։

   Նոյն տարուան Ապրիլին, նորատիպ գիրքին հրապարակային քննարկումը կատարուեցաւ Էսաեան Սանուց Միութեան նախաձեռնութեամբ։ Ձեռնարկին կը նախագահէր Աղեքսանդր Փանոսեան։ Գրավերլուծական զեկուցումներով հանդէս եկան այդ շրջանի պոլսաբնակ երեւելի դէմքերէն ոմանք՝ Յ. Ճ. Սիրունի, Եդ. Գոլանճեան, Տիգրան Չէօկիւրեան, բժ. Արմենակ Բարսեղեան, Ռուբէն Զարդարեան եւ Գարեգին Խաժակ (այս զեկուցումները շուտով լոյս ընծայուեցան առանձին գիրքով ալ)։

   Հատորը, իր տեսակին մէջ, եզակի բնոյթ կը կրէր։ Բաժնուած էր երեք մասի։

   Առաջին բաժնով, որ բո՛ւն իսկ հեթանոս երգերը կ’ընդգրկէր, փառաբանանքը կ’ըլլար հին հեթանոս դարերուն, կ’ոգեկոչուէին այդ շրջանի կենսախինդ բարքերն ու սանձարձակ կենցաղը՝ գլխաւոր առանցք ունենալով ԳԻՆԻՆ, ԿԻՆՆ ու ՍԷՐԸ կամ ՍԵՌԸ։ Բազմալար քնարով մը, իրապաշտ արուեստի բոլոր ստորոգելիներով ու հայերէն լեզուի անօրինակ շքեղութեամբ եւ շշմեցնող գեր-հարուստ բառամթերքով մը՝ Վարուժան շատ տպաւորիչ պտոյտի մը կը հանէր իր ընթերցողները դէպի հեթանոս քաղաքներ կամ անոնց շրջակայքը։ Կը բանար վարագոյրը հեթանոս արքաներու գորգապատ պալատներուն՝ անկաշկանդ կերպով ցոյց տալու համար քսան դար առաջ հոն ապրուող հեշտանքն ու վայելքը։ Այդ վայելքը չէր հպատակեր բարոյական կաշկանդիչ սկզբունքներու, թումբեր չկային անոր առջեւ։ Վայելքը իր ամէն ձեւերուն մէջ՝ արտօնուած էր ամէն ապրողի…։

   Այս բանաստեղծութիւնները գրուած էին 1910–1912-ի շրջանին, երբ հեղինակը Սեբաստիա էր կամ Թոքատ։ Կը թուի թէ Վարուժան, որոշ շրջան մը, բուռն կերպով կլանուած էր «բանաստեղծական հեթանոսութեամբ», զոր առինքնող կը գտնէր ու կը համարէր զայն նախնեաց ոգին վերակենդանացնող ազդակ մը։ Իր գիրքը ձեռք առնողները պիտի տեսնեն, թէ ան ի՜նչ ներբողներ ունի հին չաստուածներու մասին (Վանատուր, Անահիտ, Աստղիկ, Բագոս եւ այլն)։

   Հայրենի գրականագէտ Վազգէն Գաբրիէլեան՝ Վարուժանի ձօնուած իր ծաւալուն մենագրութեան մէջ, տեղ մը, հարց կու տար թէ ի՞նչ բնորոշ գիծերով կը յատկանշուէր հեթանոս դարաշրջանի մարդը՝ բրգնիկցի մեր քերթողին բանաստեղծութիւններուն մէջ։ Ու կը պատասխանէր սա՛պէս.

   –Այդ մարդը յատկանշւում է բնական վարք ու բարքով, ուժի եւ գեղեցկութեան պաշտամունքով, սիրոյ ազատութեամբ, կեանքի վայելքի զգացողութեամբ, շիտակութեամբ ու ազնուութեամբ, անկեղծութեամբ եւ անսահման կենսասիրութեամբ։

   Այս յատկանիշերը դժուար չէ տեսնել շարքի բանաստեղծութիւններում կամ թէկուզ միայն «Հարճը» պոէմում (25 էջանի այս վիպերգութիւնը կը կազմէ «Հեթանոս երգեր» հատորին Բ. բաժինը – Լ.)։

   Այս շարքի (նաեւ «Հարճը»-ի) մէջ հիմնական պատկեր-կերպարը ԿԻՆՆ Է, որպէս սիմվոլ ե՛ւ գեղեցկութեան, ե՛ւ ազատ սիրոյ, ե՛ւ վայելքի, ե՛ւ արգասաւորման ու կենսասիրութեան։ Ու նրա շուրջն է հիւսւում կեանքի ու վայելքի, ծլարձակման ու աճման, քաջագործութիւնների ու սխրանքների լեգենդը, կ’եզրափակէր Գաբրիէլեան։

   Հետեւաբար, հաստատապէս կրնանք ըսել որ Վարուժանի համար ԿԻՆԸ աստուածակերտ ու հրաշազան գեղեցկութիւն մըն է տեւաբար, որ յուզական գրգիռներ կը հաղորդէ ու հոգեկան հաճոյք կու տայ զինք դիտողին։ Յետոյ, կինը սիրային ներշնչումներու, գգուանքի ու մարմնական հեշտանքի էակն է անզանցառելիօրէն, Մայր Բնութեա՛ն իսկ կարգադրութեամբ։ Ու վերջապէս՝ անիկա բեղմնաւորութեան ու մայրութեան հո՛ղն է։

   Այս առթիւ, կ’արժէ կարդալ Վարուժանի «Օրհնեալ Ես Դու Ի Կանայս» խորագրեալ  բանաստեղծութիւնը, ուր շեշտակի կերպով կը ներբողուի մայրութեան խորհուրդը՝ վեհագոյն ապրումներու եւ արուեստի անփշրելի պարունակի մը մէջ։ Այստեղ, խօսքն ուղղելով իր արգանդին մէջ սաղմ մը պահող իր յղի կնոջ, գուրգուրալիր ու սիրազեղ բառերով՝ բանաստեղծը կը գրէ.

Օրհնեա՜լ ըլլաս, Մարիա՛մ,

Դո՛ւն որ անհուն գորովով

Կողերդ ինծի՛ կու տաս, ո՛սկրըդ՝ ուրիշ

Ոսկրի մ’համար կը քամես,

Դո՛ւն՝ որ կ’ըլլաս ամէնէն

Մաքուր ակօսն՝ակօսներէն բեղմնաւոր,

Ու ամէնէն չքնաղ թաղարը՝ բոլոր

Թաղարներէն շուշանի՝

Օրհնեա՜լ ըլլաս  յաւիտեան։

Դո՛ւն՝ որ, զգօն, կը կրես

Խեփորին մէջ ինչպէս մարգրիտ մը ազնիւ– (խեփորը խխունջին կարծր պատեանն է- Լ.)

Աստուածատիպ Մարդը խո՛րն այդ արգանդիդ՝

 Օրհնեա՜լ ըլլաս, Մարիա՛մ

 

  Այս շքեղ քերթուածը նաե՛ւ երկիմաստ է, ինչ որ յաւելեալ արժանիք մը կու տայ իրեն։ «Մարիամ»ը կրնանք յղում մը նկատել Աստուածամօր՝ Ս. Կոյս Մարիամին, մանաւանդ որ վերջընթեր տողին վրայ կ’ակնարկուի անոր արգանդին մէջ աճող «Աստուածատիպ Մարդ»-ուն։ Գլխագի՛ր Մարդը…

   «Հեթանոս երգեր»-ու ամբողջ շարքը, ահաւասիկ, այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ կը ներքաշէ ընթերցողը։ Էջէ-էջ գեղաքանդակ ու խո՛րապէս տպաւորիչ նոր պատկերներ կ’ուրուագծուին մեր առջեւ. կը մնանք մեզի անծանօթ բառերու առատ հոսքի մը տակ…։

   «Հեթանոսական» վերնագրով բանաստեղծութեան մը մէջ, զորօրինակ, մեր բրգնիկցի քերթողը կը նկարագրէ արքայ մը ու անոր դիմաց պարող հոլանի չէրքէզուհի մը, որոնք ի վերջոյ ֆիզիքական յօժարակամ միասնութեան մը կ’առաջնորդուին…։ Արքան անձնատուր է իր կիրքերուն. ու Վարուժան կը խօսի անոր անունով.

Օ՜ իր մազերն յորդածուփ՝որոնց մէջ ես կը լողամ

Խորը անոնց խեղդուելու վտանգներով յարաժամ։

Օ՜ ջերմութիւնը սատափ բազուկներուն տարփակէզ՝

Որոնցմով վիզս զօրեղ կը պարուրէ օձի պէս։

Հուսկ իրարու կը միանանք մենք համբոյրով մը հզօր

Երբ կը ծծեմ բերնիս մէջ առած շրթներն իր բոսոր,

Երբ ժամերով կը քամեմ բիւր երակներն, յուլօրէն,

Օհ այն ատեն ճաշակած կ’ըլլամ կարծես համօրէն

Հին դարերուն հեթանոս դահամունքներն յազածոյ,

Հնդկաստանի համեմնե՜րն, համայն խունկե՜րն Արաբիոյ։

 

   Եթէ ուշադրութեամբ ընթերցեցիք քերթուածին վերջաբանը հանդիսացող վերի հատուածը, ամէն բանէ առաջ պիտի կլանէ ձեզ պատկերներուն ուժգնութիւնը։ Յետոյ՝ պիտի հաստատէք ախորժելի երաժշտականութիւնը, որ արդիւնքն է վարպետօրէն իրարու ագուցուած յանգերուն։ Եւ վերջապէս՝…բառարա՛ն մը պիտի փնտռէք, որպէսզի թափանցէք ձեզի անծանօթ բառերուն իմաստին։ Ահա՛ այդ բառերը. – Յորդածուփ՝ առատօրէն ծփացող, յարաժամ՝ անդադար, սատափ՝ փայլուն խեցի, տարփակէզ՝ սէրէն այրուած, բոսոր՝ կարմրագոյն, յուլօրէն՝ դանդաղօրէն, համօրէն՝ ամբողջապէս,  յազածոյ դահամունքներ՝ մսեղէն ընտիր կերակուրներ։

   Հիմա անգա՛մ մը եւս կարդացէք վերի հատուածը ու…մի՛ սքանչանաք՝ եթէ կրնաք։

Լեւոն Շառոյեան
(Շարունակելի -7)