Ամանորեան բերկրալի մթնոլորտի մէջ, Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2019-ին Ազգ. Միացեալ վարժարանի աշակերտութիւնը կիսամեայ քննութիւններուն աւարտին մեծ տօնախմբութեամբ, ամբողջ տարուան մը անձկալի սպասումէն ետք, տօնեց Կաղանդը՝ ցնծալի խրախճանքով:

Աշակերտներուն ցնծութեան եւ ուրախութեան հիւրաբար մասնակից դարձան՝ Սուրիոյ նախագահական պալատի ներկայացուցիչներն ու Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Դոկտ. Նորա Արիսեանը, « Ահարոնեան » կեդրոնի ներկայացուցիչներն ու վարժարանի հոգաբարձութեան անդամները:

Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ժուտա Ազար բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ շնորհաւորեց աշակերտները այս ուրախալի առիթով, մաղթելով բոլորին ուրախ եւ յաջող տարի: Աշակերտները իրենց առօրեայ մտահոգութիւններէն ձերբազատուելով, կենսուրախ եւ մեծ եռանդով սկսան երգել կաղանդի յատուկ երգերը՝ « Լուռ Գիշեր» , «Ծափ Զարկ, Աշխարհ» եւ «Զանգակներ» երեք լեզուներով՝ հայերէն , արաբերէն եւ անգլերէն:
Եւ ահա’ անսպասելին պատահեցաւ աշակերտութեան դպրոցական կեանքին մէջ:
Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա ալ Ասատը անակնկալօրէն սրահէն ներս մտաւ: Ի տես Առաջին Տիկնոջ ՝ աշակերտներուն ուրախութեան ճիչերն ու ծափողջոյնները ողողեցին վարժարանի երկու յարկերը: Առաջին Տիկինը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ.« Ճիշդ է պատերազմը քանդեց վարժարանը, բայց պետութիւնը վերանորոգեց եւ շինեց քանդուածը, որպէսզի դուք ուրախ եւ ապահով շարունակէք ձեր ուսումը այս կրթօճախէն ներս» ։ Ապա ան շնորհաւորեց անոնց ուսումնատենչ ոգին, ամանորեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց ու մասնաւորաբար հայերէնով վանկարկեց. «Շնորհաւոր Նոր Տարի»։ Այնուհետեւ Առաջին Տիկինը, մօտենալով աշակերտներէն իւրաքանչիւրին, մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացաւ անոնց եւ ուրախութեամբ ընդառաջեց աշակերտներուն փափաքին բջջայինով անհատական նկար ունենալով անոնց հետ:
Ապա աշակերտները խմբովին, եռանդով ներկայացուցին շարք մը կաղանդի երգեր ու անոնց ծափողջոյններու տարափին տակ յայտնուեցան Կաղանդ Պապան ու Կաղանդ Մաման, իրենց շալակին ունենալով նուէրներով ծանրաբեռնուած խոշոր-խողոր տոպրակներ, զորս սիրով ու հաճոյքով պատրաստած էր ՍՕ Խաչի « Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, որպէսզի տօնական այս օրերուն ուրախութիւն եւ ժպիտ ուրուագծէ աշակերտներուն դէմքերուն։
Աշակերտները նորովի եռանդով ու խանդավառութեամբ իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները ներկայացուցին եւ արժանացան Կաղանդ Պապային գնահատանքին, ստանալով իրենց կաղանդչէքի տոպրակները:

Այս անգամ աշակերտներուն ուրախութիւնը կրկնակի եղաւ։ Անոնք ապրեցան հաճելի եւ թովիչ պահ մը։ Անոնց պայծառ դէմքերը եւ ցոլացող աչքերը եկան ապացուցելու, որ ո’չ ահն ու վախը, ո’չ պատերազմը կրնան ընկճել նորահաս սերունդը, մանաւանդ հայ ուսանողին աննկուն կամքը՝ ապրելու ուրախ եւ ապագայատեսիլ վճռակամութեամբ: