Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հալէպի Նահանգապետարանի Խորհուրդի պատուիրակութիւնը այցելեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, մասնակցութեամբ Խորհուրդի հայազգի ներկայացուցիչ Մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ Տիար Յարութ Քիլիսլեան:

Խորհուրդի ներկայացուցիչները սրբազան հօր փոխանցեցին Հալէպի Նահանգապետին ողջոյնի խօսքը, այնուհետեւ մատնանշեցին ծառայողական բնագաւառէն ներս համագործակցութեան աշխատանքները, տնտեսական ճգնաժամին մէջ վաճառականներու շահագործումներուն դէմ դնելու տարբերակներու որդեգրումը եւ առաջարկեցին, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նահանգապետարանի նիստերէն մէկուն այցելելով մօտէն ծանօթանայ տարուած աշխատանքներուն եւ իր խօսքը ուղղէ:
Այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան ժողովուրդին առօրեայ մտահոգութիւններն ու դժգոհութիւնները:
Սրբազան հայրը ողջունեց Նահանգապետարանի Խորհուրդին գործունէութիւնը եւ համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց, ի խնդիր Սուրիական Հայրենիքին պայծառացման: