«Արմէնփրէս».- ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան իր դիմատետրի էջին վրայ յայտնած է, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Տաւուշի առաջնային գիծի հատուածին վրայ ատրպէյճանական կողմը փորձած է երկրաչափական աշխատանքներ իրականացնել, հայկական կողմը նախազգուշացման համար կրակ բացած է այդ ուղղութեամբ: