Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ի առաւօտուն, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով։ Պատարագը մատուցեց եւ օրուան խորհուրդն ու պատգամը արտասանեց արժանապատիւ Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, որ անդրադարձաւ Քրիստոսի հրաշափառ ծննդեան խորիմաստ նշանակութեան։ Ապա տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքը՝ որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի մկրտութեան։
Պատարագի աւարտին արժանապատիւ քահանայ հայրը այս առիթով շնորհաւորութիւններ ընդունեց եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս։