Reuters գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Ժոզէֆ Պորել կոչ ուղղած է դադրեցնելու օտարերկրեայ միջամտութիւնը եւ դատապարտած է Լիպիա զինուորականներ ղրկելու Թուրքիոյ որոշումը:

Ան խնդրած է անյապաղ դադրեցնել բռնութիւններն ու արտաքին միջամտութիւնը` աւելցնելով, որ Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները նկատի ունի: