Իրանի շուրջ ստեղծուած իրադրութեան եւ ակնկալուող զարգացումներուն մասին Yerkir.am-ը զրուցած է Թեհրանի «Ալիք» պարբերականի կայքէջի (https://alikonline.ir/) խմբագիր Արամ Շահնազարեանի հետ:
Անդրադառնալով վերջին իրադրութիւնններուն անդրադարձին Իրանի եւ անոր հասարակութեան վրայ, Արամ Շահնազարեան ըսած է, որ երկրէն ներս, ներկայ դրութեամբ, իրավիճակը կայուն է: Մարդիկ զբաղած են իրենց առօրեայ կեանքով, եւ խուճապի որեւէ նշան չկայ: Վերջին իրադարձութիւնները հասարակական բացառիկ համախմբուածութեան պատճառ դարձած են: Իրանական հասարակութիւնը խստիւ վրդոված է ԱՄՆ-ի անօրինական գործողութիւններէն: Անոնք, որոնք քիչ թէ շատ ծանօթ են Իրանի ժողովուրդին, անոր մտածողութեան ու հոգեբանութեան, լաւ գիտեն, որ արտաքին սպառնալիքի պարագային, երբ, յատկապէս, նժարին դրուած է երկրի անվտանգութեան եւ ազգային արժանապատուութեան հարցը, ինչպէս կ’ըլլայ իրանական հասարակութեան արձագանգը: Զօրավար Սուլէյմանիի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը անոր վառ ապացոյցն էր:
Շահնազարեան յայտնած է, որ զօրավար Սուլէյմանին այն բացառիկ կերպարներէն էր, որ իր մէջ խտացուցած էր իրանական հասարակութեան համար երեք կարեւոր՝ ազգային, կրօնական եւ մարդկային բաղադրիչները: Եւ այս հանգամանքն էր, որ բացառիկ համախմբող ազդեցութիւն ունեցաւ երկրին մէջ: Անոր համաձայն, զօրավարին մահը կը սգան նոյնիսկ անոնք, որոնք ունին որոշակի ընդդիմադիր հայեացքներ եւ մօտեցումներ: «Գիտէք, զօրավար հրամանատարին կարել էր չհամակրիլ, անոր կարծիքները եւ գաղափարները չբաժնել երբեմն, բայց անոր չյարգելը բացառուած էր», ըսած է իրնահայ գործիչը:
Երբ անոր հարց տրուած է, թէ Իրան հիւլէական զէնք պիտի արտադրէ՞ թէ ոչ, Շահնազարեան հաստատած է. «Ատիկա բացառուած է: Տարիներու ընթացքին Իրան բազմիցս յայտարարած է եւ ապա իր գործողութիւններով փաստած, որ չի ձգտիր հիւլէական զէնքի արտադրութեան: Ատիկա երբեւիցէ Իրանի պաշտպանական ռազմավարութեան մաս չէ կազմած եւ պիտի չկազմէ:
Կ’ուզեմ յստակօրէն ընդգծել կարեւոր փաստ մը. զանգուածային սպանութեան զէնքերու, որոնց կարգին՝ հիւլէական զէնքի օգտագործումը կը հակասէ Իրանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին ազգային, կրօնական եւ բարոյական արժեհամակարգին: Ասոր պէտք գիտակցին եւ հասկնան բոլորը: Իսկ նման դէպքերու պարագային, իրանցիները երբեւիցէ իրենց սկզբունքներուն դէմ չեն գործեր»:
«Երկիր»ի թղթակիցը հարցուցած է, թէ ԱՄՆ, բնականաբար, պիտի փորձէ Իրանի դէմ ներքաշել տարածաշրջանի շարք մը երկիրներ՝ ուժեր։ Արդեօ՞ք կը ձեւաւորուի՞, այսպէս կոչուած, հակաիրանեան համախոհութիւն, թէ՞, այդուհանդերձ, կարելի կ’ըլլայ հաւասարակշռութիւն պահպանել տարածաշրջանին մէջ։ Շահնազարեան դիտել տուած է, որ՝ «Ներկայ դրութեամբ, որեւէ ձեւաչափով, հակաիրանական որեւէ համախոհութեան մաս կազմելը չի բխիր տարածաշրջանի երկիրներու շահերէն: Կը կարծեմ՝ այս մէկը կը գիտակցին տարածաշրջանի բոլոր երկիրները: Յամենայն դէպս, այդ մասին կը վկայեն տարածաշրջանի երկիրներուն չափազանց զգոյշ եւ պահպանողական դիրքորոշումները: Անոնք կը գիտակցին, որ ինչպիսի անկանխատեսելի եւ աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ զինեալ հակամարտութիւնը ողջ տարածաշրջանին համար: Չմոռնանք, որ Իրան արդէն իսկ նախազգուշացուցած է տարածաշրջանի երկիրները՝ ամերիկեան սադրանքներուն մէջ ներքաշուելու հետեւանքներէն»:
Այնուհետեւ Շահնազարեան պարզած է, թէ նման զարգացում կրնա՞յ ազդեցութիւն ունենալ արցախեան օրակարգին վրայ, թէ՝ ոչ: Ան ըսած է. «Նման սաստկացումներ որոշակի վտանգ կրնան ներկայացնել Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն համար: Պատերազմ ծագելու պարագային, Հայաստան կը կորսնցնէ արտաքին աշխարհին հետ իր ամենավստահելի ելքը: Ասիկա աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ հայկական զոյգ պետութիւններուն անվտանգութեան համար: Անկախ այդ իրողութենէն, կը կարծեմ, որ եթէ պայմանները նպաստաւոր ըլլան, մեր թշնամի պետութիւնները՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան առիթ չեն փախցներ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը զինուորական ճամբով, յօգուտ իրենց լուծելու: Այնպէս որ՝ հայկական կողմը պէտք է պահպանէ զգօնութիւնը, վարէ նախաձեռնողական քաղաքականութիւն, տարբեր մակարդակներով խորհրդակցութիւններ ունենայ տարբեր երկիրներու հետ, որպէսզի դէպքերու վատագոյն զարգացման պարագային անգամ, կարենայ ստեղծուած իրավիճակէն ելք գտնել:
Այս իրավիճակին մէջ ես կը փափաքէի յիշեցնել կարեւոր մէկ իրողութիւն. ամերիկացիները, այնուամենայնիւ, եկուորներ են: Անոնք կրնան այսօր ըլլալ, իսկ վաղը կրնան հեռանալ մեր տարածաշրջանէն: Բայց, Իրանն ու Հայաստանը դրացիներ են, որոնք հազարամեակներ շարունակ ապրած եւ խաղաղ գոյակցած են կողք-կողքի եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեն առ յաւէտ»: