Ժամանակի ոստումին ապացոյցն է տօնածառը: Ժամանակի շարժումն ու օրերու թաւալումը յիշեցնող սրբազան գոյութիւնն է: Ամէնուրեք խորհրդաւոր ու վսեմ եղեւինը իր գունաւոր լոյսերով կը բիւրեղացնէ կեանքին իմաստը: Մտքի լոյս եւ հոգիի գինի կը բաշխէ, պայմաններու վերիվայրումներուն տոկալու ուժ եւ կորով կը ներշնչէ: Նոր տարին ինքնազարգացման նոր փուլերու կը հրաւիրէ: Ինչպէս սովորութիւն է, մարդիկ ամէն տարի հանդիսաւորութեամբ կը տօնեն տարեմուտը: Անոնք իրենց կեանքի լաւ կամ վատ դէպքերն ու երեւոյթները կը վերագրեն հին եւ նոր տարիներուն: Ահա ճիշդ Կաղանդին պատճառաւ է որ ժամանակին հասկացութիւնը մարդոց մօտ կամայական փոփոխութիւն կը կրէ: Անոնք հին ժամանակը մեռցնելով նորին ծնունդ կու տան: Քօղ մը կը ծածկեն հին ու անցած դէպքերուն վրայ ու նոր տարին երջանկաբեր տօնի կը վերածեն:
  Նոր տարուան գալստեան հետ աւանդական տօնածառին շուրջ մեծերն ու փոքրերը կը հաւաքուին, կը բաժակահարեն բարեմաղթութիւններով, յուսալով որ վաղուան օրը ըլլայ աւելի պայծառ ու գեղեցիկ…Կը շողան տօնածառի լոյսերուն մշտավառ աչքերը, ուրախութիւնը կաթիլ-կաթիլ կը հոսի ու կը կաթկթի բոլորին հոգւոյն խորունկ անդունդը:
 Պահ մը ինքնամոռացութեան մէջ կը սուզուիմ ու կը յիշեմ պոլսահայ անմահն Զահրատին հետեւեալ տողերը, որոնցմով կ’անմահացնէ կաղանդի գիշերուան պարգեւած բարիքը.
  Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու_
  Ի վերջոյ նորէն այդպէս ըլլալու_
  Տօնն է այս գիշեր…
  Յոյսեր վառեցէք_եթէ չեն բաւեր
   Ձեզ տաքցնելու ձեր յոյսերը հին_
   Տօն է այս գիշեր…
 Լոյսեր ու յոյսեր վառեցէք գոյն գոյն,
 Երգեր երգեցէք հինէն ու նորէն_
  Տօն է այս գիշեր…
Լարա Արթին