Սեդրաք 4 տարի առաջ Սուրիական Հայրենիքին պատերազմական պայմաններուն բերումով, տուն-տեղ ձգելով, հեռացաւ ընտանիքէն ու Հայաստան տեղափոխուեցաւ։
Հոն ծանօթ քանի մը սուրիահայ ընկերներու հետ տուն մը վարձած կը փորձէր կեանքը շարունակել։
-Սեդրաք, ինչպէ՞ս ես, տղա՛ս,- Սեդրաքին մայրն էր, whatsapp-ով կը խօսէր,- որքան կարօտցած եմ քեզ։
-Ես ալ կարօտցած եմ ձեզ, մա՛մ։
-Առողջութիւնդ, գործդ, օրերդ ինչպէ՞ս են։
-Գէշ չեն, մամ ճան, համակերպեցայ նոր կեանքիս հետ։ Լաւ որ այս whatsapp-ը կայ, կարօտս կը յագեցնէ, ձեզի հետ միշտ կապի մէջ կը մնամ։ Իսկ գործս՝ ուզեմ չուզեմ լաւ է պիտի ըսեմ, որովհետեւ եկամուտի միակ աղբիւրս է, եթէ չաշխատիմ, ինչպէ՞ս պիտի ապրիմ, ինչպէ՞ս պիտի շարունակեմ կեանքս, բայց մի՛ մտահոգուիր, այս ալ կ’անցնի, մա՛մ։ Մամ, մամ, կը լսե՞ս…։
Մօր ականջը կը լսէր, բայց մտքով հոն չէր։ Անոր միտքը սաւառնած էր դէպի անցեալ, կը յիշէր Սեդրաքին ներկայութիւնը։ Ան գործ մը ըրած չունէր տան մէջ։ Ճաշ, լուացք, արդուկ, մաքրութիւն… դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր… բոլորը պատրաստ էին Սեդրաքին համար։
-Կը լսեմ, տղա՛ս, կը լսեմ։ Ձայնդ այնքան յստակ է, որ կարծես քովս նստած հետս կը խօսիս, ինչպէս կ’ընէինք երբ հոս էիր։ Պատմէ՛, տղա՛ս, շատ պատմէ քու մասին, առօրեայիդ մասին։
-Տունս լաւ է, մա՛մ։ Ընկերներուս հետ ալ եոլա կ’երթամ, հակառակ անոր որ մեր գործի ժամերուն միասնաբար կ’ելլենք տունէն եւ տարբեր ժամերու կը վերադառնանք։ Այս պատճառով ալ զիրար շատ կը խանգարենք։
Մօրը ձայնը չկար, Սեդրաք կը խօսէր, բայց պատասխան չկար։
-Մա՛մ, մա՛մ ուր գացի՞ր։
Մայրը ինչպէ՞ս դիմանար տղուն այս վիճակին։ Սեդրաք նախքան մեկնիլը իր եղբօր հետ ընդարձակ սենեակի մը մէջ, բարենպաստ պայմաններու մէջ կ’ապրէր։ Երբ երկու եղբայր զիրար խանգարէին, կամ որեւէ դժուարութեան հանդիպէին, մայրը այդ դժուարութիւնը շուտով կը հարթէր։
-Կը լսեմ, տղա՛ս, կը լսեմ, հետդ եմ։ Վնաս չունի, Սեդրաք, այս ալ կ’անցնի, ժամանակաւոր պայմաններ են ու շուտով վերջ կը գտնեն։
Մայրը թէեւ այսպէս կ’ըսէր, սակայն ինք իր ըսածին չէր հաւատար, բայց ճարը ի՞նչ էր, իր անհամոզիչ խրատո՞վ տղան պիտի համոզէր։
-Շուտով վերջ կը գտնեն կ’ըսես, բայց ահա հինգ տարի անցաւ ու ոչինչ փոխուեցաւ, ընդհակառակը՝ հետզհետէ ամէն ինչ աւելի կը բարդանայ։
-Համբերէ՛, տղա՛ս, համբերէ՛, համբերութիւնը կեանք է։ Դուն միայն առողջութեանդ եւ սնունդիդ ուշադրութիւն դարձուր։
-Ա՜խ, մա՛մ, կարօտցած եմ ճաշերդ, անոնց համով բոյրը դեռ յիշողութեանս մէջ է։
-Կրկին պիտի միանանք, տղա՛ս, ես ինչե՜ր պիտի եփեմ քեզի համար։ Տեսնեմ, եթէ այստեղէն ձեր քով եկող ըլլայ, բաներ մը կը ղրկեմ։ Դուն ինչ կ’ուզես, ըսէ որ ղրկեմ։
-Մեր տան սառնարանը ղրկէ, մա՛մ, մեր տան սառնարանը կարօտցած եմ։ Երբ յոգնած գործէս վերադառնամ եւ տրամադրութիւն չունենամ ճաշ պատրաստելու, միտքս մեր տան սառնարանը կու գայ։Երբ որ բանայի, ինչե՜ր ըսես չէի գտներ հոն։ Իսկ հոս, երբ սառնարանը բանամ, հացի տոպրակը եւ քանի մը տուփեղէն կը փայլին միայն սառնարանի լոյսին տակ։
Մայրը երբեք չէր մտածած, որ օր մը իր ընտանիքին անդամները այսպէս ցանուցիր պիտի ըլլային, ու դեռ ով գիտէ ե՜րբ պիտի միանային։ Մօր միտքը ալեկոծ ծովի վերածուեցաւ, կարօտը կոկորդը սեղմեց ու ձայնը կտրեց։ Յուզմունքէն խօսակցութիւնը չկրցաւ շարունակել։
-Մա՛մ, չես պատասխաներ, ո՞ւր գացիր նորէն, մա՛մ, մա՛մ։
Մայրը իր հոգեվիճակը չպարզելու համար անջատեց գիծը դողդոջ մատին հպումով, առանց ցտեսութիւն իսկ ըսելու։ Ան սովորութիւն ունէր բարեմաղթութիւններով եւ խրատներով եզրափակել խօսակցութիւնը, բայց այս անգամ բաւարարուեցաւ անձայն մնալով ու հետեւեալ քանի մը տողը գրելով։
-Տղա՛ս, կը ներես, համացանցի կապը շատ տկար է, գիծը անջատուեցաւ, կրկին կը խօսինք, կապի մէջ մնա՛։
Սեդրաք հաւատաց մօրը գրածին եւ գործը շարունակեց։ Մինչ մայրը խորունկ շունչ մը քաշելով աչքերը երկինք սեւեռած Աստուծոյ հետ կը խօսէր ու իր աղերսները կ’առաքէր Անոր։
Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան