Ահաւասիկ հայրենի հողէն տարագրուած ազգ մը, որ հարուստ է իր մշակոյթով, բանաստեղծութիւններով, գիրքերով եւ գրականութեամբ։ Հողին վրայ չ՚ապրիր, սակայն իր մշակոյթին ու լեզուին շնորհիւ միշտ կանգուն է։ Դժբախտաբար այս օրերուս նուազած է լեղուի պահապաններուն եւ ընթերցասէրներուն թիւը։
Գիրք կարդալը կը զօրացնէ մեր կարողութիւնը՝ գրելու, կարդալու եւ նոյնիսկ խօսելու, այլեւս չենք մտածեր բառերուն ուղղագրութեան մասին, կը սկսինք հեզասահօրէն խօսիլ մեր մայրենի լեզուն, կը սորվինք նոր բառեր, կը քաղենք նոր գաղափարներ։
Ընթերցանութեան փոխարէն տարածուած է բջիջային գործածելու սովորութիւնը։ Այո՛, մենք կրնանք օգտուիլ անկէ, բայց ան ունի շատ մը ժխտական ազդեցութիւններ։
Մենք մեր ժամանակը դասաւորելով կրնանք օգտուիլ երկուքէն։
Կ’առաջարկեմ բոլորին, որ գոնէ օրական կէս ժամ գիրք կարդան, իմ ամենասիրելի գիրքն է Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը, որ կ’արտացոլէ իրական կեանքը։
Մի՛ մոռնաք, որ զարգացումը տարիք չունի, եւ մենք պէտք է մշտապէս աշխատինք ու զարգանանք, զարգացնենք մեր գիտելիքներն ու միտքը։

Աննա Չալաքեան
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան
Ժ. Կարգ