«Երկիր».- Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ  ՀՀ Զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-տեղակալ Արտակ Դաւթեան 14 Յունուարին Պրիւքսէլի մէջ` ՆԱԹՕ-ի կեդրոնատեղիէն ներս, մասնակցած է «Վճռական աջակցութիւն» եւ «Քոսովոյի ուժեր» առաքելութիւններու ձեւաչափերով ՆԱԹՕ-ի զինուորական կոմիտէի` գլխաւոր շտապ պետերու մակարդակով նիստերուն: