«Արմէնփրէս».- ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Վարոս Սիմոնեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Չեխիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պետրիխ Քոպեցքուն եւ Հայաստանի Չեխիոյ դեսպանութեան առաջին քարտուղար Եան Փլեշինկըրը:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են հայ-չեխական գործակցութեան հեռանկարները: Լուսարձակի տակ առնուած է հայ-չեխական տնտեսական գործակցութեան հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովին յառաջիկային տեղի ունենալիք հերթական նիստի նախապատրաստման օրակարգեր:

Տնտեսութեան փոխնախարարը նաեւ  գոհունակութիւն  յայտնած է Չեխիոյ կողմէն Հայաստան-Եւորմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը վաւերացնելուն համար:

Հանդիպումի աւարտին կողմերը համաձայնած են սկսիլ հայ-չեխական միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստի նախապատրաստական աշխատանքները: