Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներու զարգացումներքւն մասին իրազեկ դարձնել հանրութիւնը: ՀՀ արտաքին գերատեսչութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան` անդրադառնալով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի յայտարարութեան, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները մինչեւ Յունուարի վերջը անգամ մը եւս հանդիպում պիտի ունենան, ըսած է. «ՀՀ ԱԳՆ-ն իւրաքանչիւր հանդիպումի մասին կը տեղեկացնէ ընդունուած կարգով` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջոցով բոլոր մանրամասնութիւններու շուրջ համաձայնելէ ետք: Մենք կը շարունակենք կիրառել հանդիպումները հանրութեան ներկայացնելու ծրագիրը»: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով դիտել տուած է, որ հանդիպումին վայրը եւ ժամանակը տակաւին յստակ չեն: Ան յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները պնդած են, որ նման հանդիպում անպայման կատարուի: Արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները պիտի այցելեն տարածաշրջան այս տարուան առաջին եռամսեակին: