Մինչ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն հրթիռակոծել Սուրիոյ տարբեր շրջանները, սուրիական բանակը թիրախ կը դարձնէ անոնց կեդրոնները Հալէպի արեւմտեան բաժինին մէջ եւ կը սաստկացնէ իր զինուորական գործողութիւնները անոնց դէմ՝ Սեպտեմբեր 2018-ին Սոչիի համաձայնութիւնը ընթացքի դնելով նահանգի հարաւ-արեւմտեան սահմանները իր վերահսկողութեան տակ առնելու եւ Հալէպ-Համա մայր ճամբան վերաբանալու:
Զինուորական աղբիւր մը հաղորդեց, որ «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները այս օրերուն եւս բազմաթիւ հրթիռներ արձակած են Հալէպի արեւմտեան Զահրաա, Հալապ Ժտիտէ թաղամասերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով արձանագրուած են զոհեր, վիրաւորներ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ:
Աղբիւրը հաստատեց, որ սուրիական-ռուսական միացեալ պատերազմական օդանաւերը թիրախ դարձուցած են Հալէպի հարաւային եւ հարաւարեւմտեան արուարձաններուն մէջ ահաբեկիչներու հրթիռարձակման կեդրոնները:
Այս առումով, 19 Յունուար 2020-ին, Պերլինի մէջ Լիպիոյ շուրջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի շրջագիծէն ներս, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլօ յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին կոչ ուղղած էր Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին լայնքին սուրիական բանակի յառաջխաղացքը կասեցնելու:
Աւելցնենք, որ Թուրքիա ցարդ չէ յարգած հիւսիսարեւելեան շրջաններէն զինեալ ահաբեկիչները դուրս բերելու իր խոստումը եւ կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել սուրիական կարգ մը տարածքներ: