Լիբանանի մէջ 17 Հոկտեմբեր 2019-ին ընթացք առած ժողովրդային շարժումին հիմնական պահանջներէն մէկը իրականացաւ 21 Յունուար 2020-ին, երբ կազմուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի գլխաւորած 20 մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւնը, բայց եւ այնպէս, կազմութեան յայտարարութենէն առաջ եւ անկէ ետք լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ցուցարարները մերժեցին այս կառավարութիւնը եւս՝ յայտարարելով, որ անիկա իրենց փափաքածը չէ եւ զիրենք չի ներկայացներ:
Արդարեւ, 21 Յունուարի երեկոյեան ժամը շուրջ 8:30-ին կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած վարչապետ Հասսան Տիապ անակնկալ կերպով այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունի եւ ներկայացուց կառավարութեան կազմը: Հ. Տիապ նախագահը իրազեկ դարձուց իր կատարած խորհրդակցութիւններուն եւ յանգած եզրակացութիւններուն: Նախագահը վաւերացուց 20 հոգիէ բաղկացած կազմը, որուն մէջ լիբանանահայ համայնքը կը ներկայացնէ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Կառավարութիւնը իր առաջին ժողովը գումարեց Չորեքշաբթի, 22 Յունուարին, Պաապտայի պալատին մէջ:
Հանդիպումին միացաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որուն մեկնելէն ետք նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ շարունակեցին իրենց տեսակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնը: