Երեւակայեցէ՛ք բամպակով հիւսուած հաստատուն եւ պինդ պատեր։

Այս պատերով էր շրջապատուած մանկութիւնս։ Ծնողքիս նպատակը անշուշտ զիս սահմանափակել չէր։ Այլ իրենց մտադրութիւնը, զիս աւելի «պահպանողական» միտումով մը պաշտպանել էր։ Պաշտպանել ինչէ՞ն եւ ինչո՞ւ։

Բոլորովին հայկական շունչ ունէր այդ աշխարհը, որ կը գտնուէր այդ «պատերէն ներս»։ Ընկերներս հայ էին, լեզուս հայերէն էր։ Նոյնիսկ այդ ժամանակ չէի անդրադառնար, որ այս հողերուն վրայ ես «օտար» կը համարուէի։ Որո՞ւ օտար եւ ինչո՞ւ։

Այս վարդագոյն երազներու մանկութիւնը սաստիկ հարուած մը ստացաւ 19 Յունուար 2007 թուականին։ Երազները փարատեցան։ Բամպակէ պատերը քանդուեցան ու ես այլեւս դէմ յանդիման էի իրականութեան հետ։

Այս երկրին մէջ կ՚որսային աղաւնիները։

Ո՛չ պաշտպան պատերս կային, ոչ ալ գոյնզգոյն ակնոցներս։

Միայն իսկութիւնն էր սեւ խաւարին մէջ։

«Հրանդ Տինք սպանուեցաւ»։

Սպանուեցա՞ւ։ Ինչո՞ւ։ Ո՞վ սպանեց։ Ի՞նչ էր յանցանքը։ Ո՞վ պատժեց։

Հիմա, երբ կը գրեմ այս բոլորը, կը զգամ, թէ կարօտցած եմ այդ մանկական պարզութիւնս եւ միամտութիւնս։

Այդ օր, դպրոցէն կանուխ արձակեցին մեզ։ Տուն գացի։ Լուռ էր մայրս, չէր խօսեր։ Այդ անձայնութեան կը միջամտէր հաղորդավարին անզգայ ձայնը։

«Հրանդ Տինք սպանուեցաւ»։

Սպանուեցա՞ւ։ Ինչո՞ւ։ Ո՞վ սպանեց։ Ի՞նչ էր յանցանքը։ Ո՞վ պատժեց։

Իրիկունը գացինք խմբագրատան առջեւ։ Ծաղիկներ դրինք ու մոմ վառեցինք։

Մայրս կու լար։ Հայրս կու լար։ Ու ինծի համար ամէն բան անհասկնալի էր։

Հիմա, երբ կը գրեմ այս բոլորը, կը զգամ, թէ կարօտցած եմ այդ այլայլած հոգեվիճակս։

Տարիները հետզհետէ անցան անարդարութեամբ։ Հրանդ Տինք մնաց այդ մայթին վրայ ու մենք իր քով կանգնած արդարութիւն պահանջեցինք։

Ինչքան անցան այդ տարիները, այդքան ըմբռնելի դարձաւ ամէն ինչ ու այդքան սաստկացաւ զայրոյթս։ Բոլոր հարցումներս մէկ առ մէկ պատասխան գտան։

Սակայն Հրանդ Տինքին ժառանգութիւնը միայն «աղաւնիի մը երկչոտութիւնը» չէր։

Մենք Հրանդէն ժառանգաբար ստացանք պայքարի ոգի, արդարութեան պահանջ, քաջութիւն եւ հաւատք։

Ու մինչեւ, որ Հրանդ Տինք ոտքի ելլէ այդ մայթէն, պիտի շարունակենք մեր պայքարը։

Հողդ թեթեւ ու միտքդ հանգիստ ըլլայ։ Հո՛ս ենք, Աղբարի՛կ։

Սարին Ագպաշ